2016-12-05 10:50:00

Միացեալ Նահանգներու մէջ աղօթքի օր գաղթականներու եւ թափառաշրջիկներու ի սպաս։


(Ռատիօ Վատիկան)  Կուատալուփէյի Տիրմաօր տօնին առթիւ, յառաջիկայ 12 դեկտեմերին, Ամերիկայի մէջ տեղի կ՝ունենայ գաղթականներու ի   սպաս աղօթքի օր մը`  կազմակերպուած Միացեալ Նահանգներու Եպիսկոպոսներու համահաւաք դասին կողմէ։

''Աղօթքի օրուան նպատակն է լուսարձակի տակ առնել, աւելի լաւ կեանք փնտռելու իղձով,  վերջերս Ամերիկա հաստատուած  գաղթականներուն  յոյսերն ու մտավախութիւնները, ինչպէս նաեւ անոնց կարիքները''  ըսած է Միացեալ Նահանգներու եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահը,  աւելցնելով­ թէ ''Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան եւ Կուատաելուփէյի Տիրամօր զոյգ տօները, մեզի յիշել կու տան,  որ Յիսուս ծնած էր ախոռի մը մէջ, եւ ոչ թէ հանգսստաւէտ վայրի  մը մէջ''։

Մինչ՝ Լոս Անճելես թեմի տեղակալ եպիսկոպոսը՝ գերապայծառ Խոսէ Հորասիօ Կոմէզը  յայտնած է, թէ Ամերիկայի զանազան  թեմերուն  եւ վայրերուն մէջ տեղի կ՝ունենան ձեռնակներ եւ աղօթքի պահեր  ի սպաս գաղթականներուն, անոնց զգալի դարձնելու համար եկեղեցւոյ մօտիկութիւնն ու թիկունքը, ու նաեւ Եկեղեցւոյ մտահոգութիւնը ազգային շրջագիծէն ներս կայացած գաղթականներուն հայող զարգացումներուն ու յատկապէս մարդու իրաւունքներուն պաշտպանութեան ու անոնց բարգաւաճման ուղիով։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.