2016-11-22 10:31:00

ՖԱՕ-ի մէջ դասախօսութիւն ձկնորսութեան համաշխարհային օրուան առիթով


(Ռատիօ Վատիկան) Ձկնորսութեան համաշխարհային օրուան առիթով, ՖԱՕ-ի Հռոմի կեդրոնատեղիին մէջ երկուշաբթի, 21 նոյեմբերին, տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն, ՖԱՕ-ի եւ Սուրբ Աթոռի միացեալ կազմակերպութեամբ

Սուրբ Աթոռի կողմէ դասախօսութեան ելոյթ ունեցան Վատիկանի Պետական Քարտուղար՝ Կարդինալ Փարոլին եւ Քահանայապետական գաղթականներուն եւ թափառաշրջիկներուն խորհուրդի նախագահ՝ կարդինալ Անթոնիօ Մարիա Վելլիոն։

Կարդինալ Փարոլին իր ունեցած ելոյթին մէջ անդրադարձաւ   ձկնորսութեան ապօրինի եւ անապահով կերպով   արտադրութեան,  ընդգծելով անհրաժեշտութիւնը՝  մարդավաճառութեան,  քէշ վարմունքին եւ շահագործումի  ենթարկուած  ձկնորսներուն պաշտպանութեան։    

 

Իսկ Քահանայապետական գաղթականներուն խորհուրդհի նախագահ՝ կարդինալ Վելիօ իր կարգին  նշեց թէ հարկաւոր է  անսալ,  ամէն օր ծովուն մէջ վտանգի ենթարկուող անձերու ճիչին, որպսէսզի անոնց  ձայնը չի խափանուի ծովու ալիքներուն ներքոյ։

Դասախօսութեան  աւարտին,  զեկուցողները միասնական կոչ ուղղած են վերահաստատելու եւ գործադրելու ՖԱՕ-ի՝  ապօրինի ձկնորսութեան, եւ ծովու մէջ աշխատաւորներու շահագործումի դէմ գոյացած համաձայնագիրը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.