2016-11-21 10:49:00

Ս. Խաչ-Հարպոյեանի մէջ կը նշուի Լիբանանի անկախութեան 73-րդ տարեդարձը։


Մայրիներու երկիր Լիբանանը 22 Նոյեմբերին կը նշէ իր անկախութեան տարեդարձը: Այս առիթով, Ուրբաթ, 18 Նոյեմբեր 2016-ին զբօսանքին վարժարանիս աւարտական դասարանի աշակերտները բակին մէջ ներկայացուցին անկախութեան տօնը խորհրդանշող կենդանի պատկեր մը: Իսկ ատենամարզանքի պահուն պատրաստուած էր կոկիկ յայտագիր մը, որուն համար վարժարանս հիւրընկալեց հաղորդակցութեանց նախկին նախարար Նիքոլա Սահնաուին:

Յայտագիրը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանիս քայլերգներու ունկնդրութեամբ: Բացման խօսքով 12-րդ դասարանի աշակերտ Ասատուր Պասմաճեան ըսաւ, թէ 22 Նոյեմբերը ազգային օր մըն է, երբ կը խորհինք անկախութեան մասին, որ հայրենիքի մը գոյութեան հիմնասիւնն է: Անկախութեան տօնը, շարունակեց Պասմաճեան, մեզ կը յիշեցնէ լիբանանեան ազգային պատմութեան այն հանգրուանը, երբ բոլոր լիբանանցիները մէկ շարք կազմած դէմ կեցան օտար տիրապետութեան դէմ, արիւն թափելով ազատութեան եւ արժանապատուութեան հրապարակներուն վրայ: Ան իր խօսքը աւարտեց ըսելով, թէ անկախութեան պատգամը միշտ ալ եղած է բանակի ապահով ձեռքերուն մէջ, որ լաւապէս գիտակից է իր ազգային պարտաւորութեանց:

Յայտագիրի առաջին բաժինին մէջ ծաղիկ դասարանի աշակերտները լիբանանեան դրօշակին ու հողին նուիրուած արտասանութիւն եւ երգ կատարեցին հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով: Յաջորդաբար բեմ բարձրացան Ա. դասարանի աշակերտները՝ արաբերէն բանաստեղծութեամբ, 3-րդ դասարանէն զոյգ աշակերտուհիներ՝ ֆրանսերէն «Ma Patrie» ասմունքով, 2-րդ կարգի աշակերտները՝ հայրենասիրական երգով, 6-րդ դասարանէն խումբ մը աշակերտներ ներկայացուցին անկախութեամբ հպարտացող եւ զայն սուրբ պահելու վճռակամութեամբ տոգորուած գաղափարներ: 5-րդ դասարանի աշակերտներ ներկայացուցին լիբանանեան դրօշակին նուիրուած բանաստեղծութիւն եւ Լիբանանի հանդէպ կարօտ արտայայտող երգ մը, իսկ 7-րդ եւ 8-րդ դասարաններէն խումբ մը աշակերտներ կատարեցին երգով ու պարով խառն թատերական ներկայացում մը:

Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան հիւրը՝ նախկին նախարար Նիքոլա Սահնաուին, որ շեշտը դրաւ այն իրողութեան վրայ, որ այս տարի Լիբանան իր անկախութեան տօնը կը նշէ նախագահի ներկայութեամբ, երկար ամիսներու թափուր վիճակէ ետք: Ան այս առիթով աշակերտներուն ուզեց ծանօթացնել նորընտիր նախագահը, որ պայքարած է Լիբանանի անկախութեան համար՝ դէմ դնելով լիբանանեան հողին վրայ օտար բանակներու ներկայութեան: Այս առիթով ան յիշատակեց նաեւ հայրենիքի պաշտպանութեան համար զոհուած բանակայինները: Սահնաուի իր խօսքին մէջ նշեց, թէ անկախութիւնը պահպանելու աշակերտին լաւագոյն ձեւը իր արձանագրած յաջողութիւններն են, ըլլայ կրթական թէ ապագայի ասպարէզային կեանքի մէջ, պայմանով որ անոնք մնան իրենց հայրենիքի հողին վրայ եւ չգաղթեն օտար ափեր, իրողութիւն մը, որ լաւագոյն նուէրը կը համարուի Լիբանանի անկախութեան համար:

Վարժարանիս տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան յուշանուէրով մը պատուեց վսեմաշուք նախարարը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոր իր ներկայութեան եւ փոխանցած պատգամին համար, ինչպէս նաեւ շնորհաւորեց բոլորը անկախութեան տօնին առիթով, մաղթելով որ յառաջիկայ տարիները Լիբանանին համար ըլլան խաղաղ, ապահով եւ տնտեսապէս յաջող տարիներ:

Հուսկ, արհիապատիւ Հայր Գէորգ արք. Խազզումեան խօսք առնելով ըսաւ, թէ Լիբանան կը գտնուի ապահով ձեռքերու մէջ, մանաւանդ երբ ան ունի այսպիսի աշակերտներներ, որոնք յոյս կը ներշնչեն, կ’ուրախացնեն եւ ապագային հանդէպ դրական փոփոխութեան նշոյլներ կը ցուցաբերեն:

 

ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ Ս. ԽԱՉ-ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ








All the contents on this site are copyrighted ©.