2016-11-11 08:05:00

Սուրբ Պետրոս հրապարակի 2016-ի Ս. Ծննդեան մսուրն ու տօնածառը։


(Ռատիօ Վատիկան) Վատիկանի պետութեան հրապարակած հաղորդագրութեամբ կը տեղեկացուի թէ յառաջիկայ 9 դեկտեմբեր 2016-ի յետմիջօրէի 4.30-ին տեղի պիտի ունենայ Սուրբ Պետրոսի հրապարակի 2016-ի`  Ս. Ծննդեան մսուրին ու տօնածառին բացման արարողութիւնը։

Աւանդութիւն դարձած վերոնշեալ մսուրն ու տօնածառը լուսաւորուած պիտի մնան մինչեւ 2017-ի` Յունուար 8-ն` ՅիսուսիՄկրտութեան յիշատակումի տօնին օրը։
 

25 մեթր բարձրութեամբ տօնածառը այս տարի նուիրուած է Իտալիոյ Թրենթօ Մարզի Սքուրելլէ-Ֆորեսթէ Տէլ Լակորայ քաղաքապետարանի կողմէ։ Տօնածառը Հռոմ պիտի ժամանէ նոյեմբեր 23-24 երկարող գիշերուայ ընթացքին ու պիտի զետեղուի Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ։

Տօնածառի լուսաւորումին համար պիտի օգտագործուին 18 հազար լամբարներ։ 

Մինչ այս տարուան մսուրին նուիրատուն են Մալթայի Ասպետական իշխանութիւնն ու Արքեպիսկոպոսական թեմը։  Մսուրը պիտի ունենայ 17 մեթր լայնք ու 12 մեթր խորք եւ 8 մեթր բարձրութիւն։ Մսուրը պիտի պատկերացնէ Մալթայի առօրեայ կեանքէն ու տեսարաններէն քաղուած իրականութիւններ, մինչ այնտեղ պիտի զետեղուին 17 կերպարներ օժտուած Մալթայի աւանդական հագուստներով ինչպէս նաեւ Մալթայի ընկերային ու աշխատանքային կեանքը յատկանշող գործիքներով։

Յայտնենք թէ 9 դեկտեմբերի առաւօտեան Թրենթոյէն եւ Մալթայէն ժամանած պատուիրակութիւնները հանդիպում պիտի ունենան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.