2016-11-06 12:15:00

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչերը հայող` բանտերու պայմաններու բարելաւման ու հասարակաց Տան յարգանքին։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 6 նոյեմբեր 2016-ի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Պապ իր գրասենեակի պատուհանէն, արտսանած Մարեմեան աղօթքէն ետք խօսքը ուղղելով Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն, վերյիշեց Բանտարկեալներու Յոբելեանի նշումը ու կոչ ուղղեց ` բարելաւելու բանտերու կեանքի պայմանները, որպէսզի  բանտարկեալներու կեանքի արժանապատուութիւնը եւս լիովին յարգուի։ 
Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց նաեւ վերատեսելու քրէական արդարութեան ընթացքը ու զայն չի սահմանափակելու միայն որպէս պատժամիջոց այլ` բաց յոյսին ու այն հեռանկարին թէ կարելի է յանցաւորը  ''վերականգնեցնել'' ընկերութեան մէջ։ 
Սրբազան Հայրը հուսկ պատկան իշխանութիւններէն խնդրեց որ այս Ողորմութեան Սուրբ տարուայ ծիրէն ներս նկատի առնեն նաեւ ''ներումի'' ներգործութիւն մը, հանդէպ այն բանտարկեալներուն որոնք արժանի կը նկատուին այսպիսի միջոցառումէն օգտուելու։  
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ապա ակնարկեց Փարիզի` Մոլորակի Կլիմայական համաձայնութեան գործադրումին այս առնչութեամբ յոյս յայտնեց որ Մարքաէշի մէջ երկուշաբթի օրուընէ սկսեալ տեղի ունենալիք Կիմային հայող Խորհրդաժողովը, նկատի առնէ իւրաքանչիւրի պատասխանատուութիւնը` հասարակաց տան խնամքի ու պահպանումի գործին մէջ։ 
Սրբազան Հայրը հուսկ վերյիշեց թէ երէկ Ալպանիյաի մէջ երանելի հռչակուեցան 38 նահատակները.¬ երկու եպիսկոպոս, քահանաներ ու կրօնաւորներ, մէկ նորընծայ ու մի քանի աշխարհականներ որոնք թիրախ եղան անաստուած Տիրապետութեան ծայրայեղ հալածանքին։ Անոնք, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը,¬ նախընտրեցին բանտը, չարչարանքը ու նոյնիսկ մահը հաւատարիմ մնալու համար  Քրիստոսի ու Եկեղեցւոյ։ Անոնց օրինակը օգնէ մեզ Տիրոջ մէջ գտնելու ուժը` զոր մեզի նեցուկ կը կանգնի դժուար պահերու ընթացքին եւ որ կը ներշնչէ բարիի, ներումի ու խաղաղութեան վերաբերմունք։ 
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ողջունեց զանազան վայրերէն ժամանած ուխտաւորներու խումբերը ու բոլորին մաղթեց բարի Կիրակի, անոնցմէ ինչպէս միշտ խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։ 
 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.