2016-11-05 09:47:00

Նախագահ Սահակեան ընդունած է Վարչապետ Կարապետեանը


Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 4 նոյեմբերին ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Կարէն Կարապետեանը:

Քննարկուած են հայկական երկու պետութիւններու տնտեսական համագործակցութեան առնչուող հարցեր:

Նախագահ Սահակեան անգամ մը եւս շնորհաւորած է Կարէն Կարապետեանը` Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարի պաշտօնին վրայ նշանակուելուն առիթով եւ մաղթած է յաջողութիւն` յոյս յայտնելով, որ անոր վարչապետութեան օրօք պիտի շարունակուի հետեւողականօրէն զարգանալ ու ընդլայնուիլ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի բարձր մակարդակի տնտեսական համագործակցութիւնը:

Նախագահ Բակօ Սահակեան Կարէն Կարապետեանին յանձնած է «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշան, որով ան պարգեւատրուած էր 30 օգոստոսին` ընկերային-տնտեսական կարեւորագոյն խնդիրներու լուծման մէջ Արցախի նկատմամբ ցուցաբերած աջակցութեան համար եւ ի նշանաւորումն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 25-ամեակին:

Հանդիպումին մասնակցած են Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետ Արա Յարութիւնեան, պաշտօնատար այլ անձեր:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.