2016-11-05 12:00:00

Հրապարակուեցաւ Քահանայապետական` Կեանքի Ակադեմիայի նոր կանոնագիրքը։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ` 5 նոյեմբեր 2016-ին, լոյս տեսաւ` Երջանկայիշատակ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի ''Vitae mysterium'' 11 փետրուար 1994-ին ինքնագիր նամակով` հիմնադրուած  Քահանայապետկան Կեանքի Ակադեմիայի նոր կանոնագիրքը։

Նշեալ Ակադեմիայի նպատակակէտն է պաշտպանել ու զարգացնել մարդկային կեանքի ու մարդու արժանապատուութեան արժէքները, մինչ անոր յատուկ գործունէութեան մաս կը կազմեն ուսումնասիրել մարդկային կեանքի պաշտպանութեան հարցերը, կազմաւորել կեանքի ի նպաստ մշակոյթ մը ու Եկեղեցւոյ զանազան պատասխանատուներուն, լրատուական մարմիններուն ու գիտական հաստատութիւններուն տեղեակ պահել Ակադեմիայի ուսումնասիրական ու հետազօտական աշխատանքներէն ձեռք բերուած կարեւոր արդիւնքներու մասին, տրուած ըլլալով որ Ակադեմիայի գործունէութիւնը յատկապէս գիտական է։

Հրապարկուած կանոնակարգը կը սահամադարէ Ակադեմիայի գործունէութեան ասպարէզը, անոր վարչական  կազմը ու անոր անդամներու դերն ու գործունէութիւնը ինչպէս նաեւ անոր գիտական աշխատանքի ոլորտը ու գործնական միջոցները։

Յայտնենք թէ Քահանայապետական Կեանքի Ակադեմիան մաս կը կազմէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի կողմէ`  անցեալ 17 օգոստոսին  հաստատուած Ընտանիք, կեանք եւ Աշխարհականներ նոր Ժողովին, որուն կառավարիչը կարգուած է գերապայծառ Ժոզէֆ Ֆարրել մինչ Կեանքի ակադեմիայի նախագահն է գերապայծառ Վինչենցօ Փալիա։








All the contents on this site are copyrighted ©.