2016-11-05 10:01:00

Երանելի կը հռչակուին Ալպանացի 38 մարտիրոսներ


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 5 նոյեմբեր 2016-ին,  Ալպանիոյ Սքութարի  քաղաքի Սուրբ Ստեփանոսի եկեղեցւոյ մէջ, սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ՝ Կարդինալ Անճելօ Ամաթօ, Սուրբ Պատարագի արարողութեամբ երանելի կը հռչակէ Տուրացցօ թեմին երբեմնի  արքեպիսկոպոս, Աստուծոյ ծառայ գերապայծառ՝ Վինչենցօ Փրենուշին ու անոր 37 ընկերները  (1945-1974)։

Ֆրանչիսկեան միաբանութեան փոքրիկ եղբայրներու միաբանութեան անդամ Գերապայծառ Վինչենցօ ու իր 37 ընկերները երանելիներուն շարքին կ՝արժանան  իրենց դաւանած քրիստոնէական հաւատքին համար, որոնք 1945-ին,   Ալպանիոյ մէջ համայնավարութեան  ժամանակ,   նահատակուեցան իրենց հաւատքը հրապարակաւ  դաւանելու եւ զայն չ՝ուրանալու պատճառաւ։

Յիշեալ 38 նահատակներու շարքին են նաեւ այլ եպիսկոպոս մը` գերապայծառ Ֆրան Կժինի, երեք թեմական քահանաներ, Յիսուսեան ու Ֆրանչիսկեան կրօնաւորներ, նորընծայ մը, 22 ամեայ նորընծայուհի մը ու երեք աշխարհականներ ։

Ալպանիայի եկեղեցւոյ առաջնորդ գերապայծառ՝ Վինչենցօ Փրենուշի մերժած էր հիմնել Հռոմէն խզուած Ալպանական եկեղեցի մը եւ ասոր համար ենթարկուած էր չարչարանքի։ Ան իր մահկանացուն կնքեց բանտին մէջ 1949-ին։

Յայտնենք, թէ Էնվէր Հոտճայի բռնաբարական վարչակարգի տարիներուն` 1945-էն մինչեւ 1985,  եպիսկոպոսներ, 11 քահանաներ, 10 նորընծաներ եւ 8 կրօնաւորներ իրենց հաւատքին համար նահատակուեցան մինչ 1820` կաթողիկէ օրթոտոքս ու մահմետական կրօնական կառոյցներ քանդուեցան։

2014-ին Ալպանիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը մեծարած էր Կաթողիկէ հաւատացեալներու  յարատեւութիւնն ու  վկայութիւնը։ Ալպանիոյ եկեղեցին   վերոնշեալ երանացումի արարողութեան առթիւ իր երախտապարտութիւնը կը յայտնէ Ֆրանչիկսոս Պապին որովհետեւ  Մայր Թերեզայի սրբադասումէն ետք , Ալպանիոյ եկեղեցին   ունեցաւ այլ 38 նոր երանելիներ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.