2016-10-30 11:20:00

6,5 ուժգնութեամբ նոր երկրաշարժ մը հարուածեց կեդրոնական Իտալիան։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 30 հոկտեմբեր 2016-ին, առաւօտեան ժամը 7,41-ին, 6,5 աստիճան ուժգնութիւն ունեցող նոր երկրաշարժ մը դարձեալ հարուածեց կեդրոնական իտալիոյ տարածաշրջանը։ Երկրաշարժի  ցնցումները  հասան մինչեւ Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմ։

Մինչ երկրաշարժի ցնցումները կը շարունակուին մինչեւ այժմ, բարեբախտաբար, զոհեր ու վիրաւորներ չկան թէեւ բազմաթիւ աւերներ ու փլուզումներ արձանագրուեցան զանազան շրջաններու մէջ­, ինչպէս է պարագան Նորչիա գիւղաքաղաքի Սուրբ Պենետիկտոսի պազիլիքային որ գրեթէ ամբողջութեամբ փլատակ է։

Առաջին տուեալներու համաձայն երկրաշարժի կեդրոնը կը գտնուի Մարքէ - Ումպրիա մարզերու միջեւ 10 քմ խորութեան վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.