2016-10-28 12:45:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը եպիսկոպոսի տեղակալներու ու նուիրեալ կեանքի պատուիրակներու հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ` 28 հոկտեմբեր 2016-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ յաջորդաբար ընդունեց Կարդինալ Ֆերնանտօ Ֆիլոնին` Ժողովուրդներու Աւետարանութեան Ժողովի կառավարիչը, Գերապայծառ Լուիս Ֆրանսիսքօ Լատարիա Ֆերրէր Հաւատոյ Ժողովի  քարտուղար, Գերապայծառ Սալավաթորէ Փեննաքիօ Լեհաստանի մօտ առաքելական նուիրակ ու գերապայծառ Թոմաս Եէհ Շենկ-նան, առաքելական նուիրակ։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ ժամը 12.15 անց Քլեմենթինա սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց միջազգային համագումարի մասնակցող եպիսկոպոսական տեղակալներուն ու նուիրեալ կեանքի պատուիրակներուն ու այս առթիւ անոնց ուղղած իր ճառին մէջ  անդրադարձաւ երեք կէտերու մասին. Նուիրեալ կեանքը իւրայատուկ եկեղեցիներու մէջ։ Նուիրեալ Կեանքի նոր հաստատութիւններու կառուցում ու փոխադարձ յարաբերութիւն։

Սրբազան Քահանայապետը հաստատեց թէ Նուիրեալ կեանքը պարգեւ է Եկեղեցւոյ. Կը ծնի եկեղեցւոյ մէջ ու ամբողջութեամբ յատկացուած է Եկեղեցւոյ, եւ թէ այս սկզբունքը կարելի չէ նկատի չ՛առնել, որովհետեւ ան հոգեւոր դրամագլուխ մըն է որ կը սատարէ Քրիստոսի համայն Մարմնի բարիքին։ Առ այդ` մէկ կողմէն Հովիւները կանչուած են յարգելու Եկեղեցւոյ բազմա- չափանշային իրողութիւնը ու միւս կողմէն նուիրեալ անձինք յիշելու են թէ իրենք ''փակուած հարստութիւն մը չեն'' այլ առանձնայատկութիւն մը` որ ներառուած է եկեղեցւոյ մարմնին մէջ ու հրապուրուած անոր կեդրոնով որ կը մնայ Քրիստոս։

Սրբազան Քահանայապետը ապա ակնարկեց Նուիրեալ Կեանքի հաստատութիւններու ստեղծման ու այս առընչութեամբ Սուրբ Հոգւոյն ներգործութեան ինչպէս նաեւ վերոնշեալ հաստատութիւններու նկատմամբ Եպիսկոպոսներու պատասխանատուութեան ու անոնց` Նուիրեալ Անձերու ու առաքելական կեանքի Ժողովի հետ համագործակցութեան պարտականութեան, ու նորաստեղծ հաստատութիւններուն յարող թեկնածուներուն պատշաճ կազմաւորում ապահովեցնելու կարեւորութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ճառին վերջին մասը յատկացուց Հովիւներու ու Նուիրեալ Անձերու փոխադարձ յարաբերութիւններուն որ մաս կը կազմէ այս օրերուն տեղի ունեցող համագումարի ընթացքին արծարծուած նիւթերուն եւ ուսումնասիրութեան եւ որ պիտի սատարէ վերատեսելու համար 1994-ին հրապարակուած ''Mutuae relationes'' փաստաթուղթը։,

Այս առընչութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տուաւ թէ կարելի չէ փոխադարձ յարաբերութիւն ստեղծուի այնտեղ ուր կան ոմանք որոնք կ՛իշխեն եւ ուրիշներ մղուած վախէ ու  յարմարութենէ, որոնք կը հպատակին անոնց։ Մինչ` այս կարելի է այնտեղ ուր կայ երկխօսութիւն, փոխադարձ հիւրընկալութիւն, հանդիպում ու գիտակցութիւն, ճշմարտութեան միասնական փնտռտուք ու եղբայրական համագործակցութիւն ի սպաս Եկեղեցւոյ բարիքին որ է ''հաղորդութեան տուն''։ Այս առընչութեամբ Սրբազան Քահանայապետը ընդգծեց թէ բոլորը կանչուած են ըլլալու ''կամուրջ'' կառուցողներ, նուիրուելով հաղորդութեան ու յարգելով տարբերութիւնները որոնք յաճախ կը բխին Սուրբ Հոգիէն։

Սրբազան Պապը ապա յիշեց վերացական կրօնական կեանքի իգական միաբանութիւններու անդամները, շեշտը դնելով անոնց առաքելութեան վրայ որ կը նմանի փարոսի մը որ կը նշէ դէպի նաւահանգիստ տանող ճանապարհը ու ջահերու` որոնք մարդոց ու կիներու ուղեւորութեան կ՛ուղեկցին ժամանակի մութ գիշերուան ընթացքին, ու հրաւիրեց ներկաները անոնց եւս հետեւելու եւ ընկերանալու` եղբայրական սիրով, յարգելով անոնց կոչումն ու առաքինութիւնները։

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը եզրափակեց հրաւիրելով ժողովականները սիրելու Նուիրեալ Կեանքը­, կառուցելու փոխադարձ յարաբերութիւններն ու հաղորդութիւնը, յարգելով ամէն մէկ նուիրեալի  արդար ինքնավարութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը ներկաներու միջոցաւ ողջունեց անոնց եպիսկոպոսները ու իրենց թեմերու բոլոր Նուիրեալ Անձինքը, վստահեցնելով անոնց իր աղօթքները ու խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.