2016-10-28 12:24:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ՝՝Յիսուս կ՝աղօթէ մեզի համար, այս է քրիստոնեային ապահովութիւնը՝՝


(Ռատիօ Վատիկան) ՝՝Մեր քրիստոնեաներուն կեանքի հիմքը կը կայանայ Յիսուսի մէջ՝  մեզի համար բարեխօսող եւ աղօթող Յիսուսի մէջ՝՝ ։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի քարոզին նիւթը զոր ներկայացուց  ուրբաթ, 28 հոկտեմբերին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ Պատարագի ընթացքին։

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարաձ կատարելով թէ  Յիսուսի իւրաքանչիւր ժեսթ,   նոյնիսկ՝ մինչեւ  իր երկրային  կեանքին  վերջին հանգրուան՝ խաչին վրայ,  յատկանշուած է աղօթքով,    յորդորեց քրիստոնեաներուն, յոյս ունենալու Քրիստոսի մէջ վստահ ըլլալով, որ Ան կ՝աղօթէ մեզի համար։

Սրբազան Հօր քարոզին ներշնչման աղբիւր հանդիսացաւ օրուան սուրբ գրային ընթերցումը, քաղուած Ղուկասի աւետարանէն, ուր կը խօսուի Յիսուսի մասին, որ լերան վրայ  կ՝աղօթէ։

՝՝Յիսուսին` Հօր բարձրացուցած աղօթքը,  եկեղեցւոյ անկիւնաքարն է՝՝ ըսաւ Սրբազան Պապը յիշելով  Սուրբ Պօղոսին խօսքերը,  ընդգծեց թէ  այս  անկիւնաքարը նոյնինքն Քրիստոսն է եւ առանց Յիսուսի՝  եկեղեցին  կարելի չէ գոյութիւն ունենայ։  

Մեզի համար աղօթող Յիսուսը, քրիստոնեային ապահովութիւնն է ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու այս առնչութեամբ   յիշեց,  Յիսուսի  վերջին ընթրիքի պահուն կատարած աղօթքը, իւրաքանչիւր հրաշք կատարելէ  առաջ  Աստուծոյ  բարձրացուցած  աղօթքը, Ղազարոսի Յարութեան հրաշքի դրուագը, որուն սկիզբը  Յիսուս աղօթեց , գեթսէմանիի ձիթնեաց լերան վրայ Քրիստոսի  աղօթքը, ի վերջոյ Յիսուսի կեանքին վերջին հանգրուանը՝ խաչին վրայ մահանալէն առաջ, Աստուծոյ բարձրացուցած  աղօթքը։

Այս բոլոր դրուատելէ ետք Սրբազան հայրը հաստատեց, որ Քրիստոնեայի ապահովութիւնը կը կայանայ ՝ մեզի համար աղօթող   Յիսուսի մէջ, աւեցնելով որ Յիսոսս իր Հօր առջեւ իւրաքանչիւր քրիստոնեայի անունը կը յիշէ։

Յիշելով Յիսուսի Սուրբ Պետրոսի ուղղած խօսքը ՝՝ես քեզի համար աղօթեցի որպէսզի դուն չի թերանաս հաւատքիդ մէջ՝՝  Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ, թէ Յիսուսի սոյն խօսքը ուղղուած է նաեւ իւրաքանչիւր Քրիստոնեայի։ ։ Ան կ՝աղօթէ եւ կը բարեխօսէ մեզի համար, ինչպէս աղօթեց  խաչին վրայ։

Սրբազան Հայրը աւարտեց իր քարոզը ըսելով ՝՝Քրիստոսի՝  մեզի համար կատարած  աղօթքը ապահովութիւն կը ներշնչէ ։ Մենք բոլորս կը  պատկանիք այս հասարակութեան, որ  ամուր  հասարակութիւն է, որովհետեւ  ունի  որպէս անկիւնաքար ՝ մեզի համար աղօթող Յիսուսը՝՝։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.