2016-10-28 11:07:00

Քերրի. «Սուրիական տագնապը անկարելի Է լուծել առանց Ռուսիոյ եւ Իրանի»:


Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտարարեց, որ Սուրիոյ տագնապին լուծումը անկարելի է առանց Ռուսիոյ եւ Իրանի` նշելով, որ այդ երկիրները բանակցային հոլովոյթէն հեռու պահելը կը նշանակէ նոր խնդիր ստեղծել:

Քերրի Շիքակոյի արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդին մէջ արտասանած իր խօսքին մէջ աւելցուց. «Այդ պատճառով անցեալ տարի ստեղծեցինք Սուրիոյ աջակցութեան միջազգային խմբակ, որ կը ներառէ տագնապին առնչակից բոլոր պետութիւնները, ներառեալ Ռուսիան ու Իրանը»:

Քերրի նշեց, որ բոլորը տակաւին կը հաւատան, որ Սուրիոյ տագնապին դիւանագիտութեան ճամբով լուծումը կարելի է` հակառակ այն իրողութեան, որ ատիկա այդքան ալ դիւրին չէ` աւելցնելով. «Մենք եւս կը շարունակենք Սուրիոյ մէջ դիւանագիտական լուծում գտնելու ջանքեր թափել»:

Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը յայտարարեց. «Ես վստահ եմ, որ Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ի վեր մեծագոյն տագնապէն դուրս գալու միջոցը պիտի գտնենք»:








All the contents on this site are copyrighted ©.