2016-10-28 10:04:00

Նախագահ Սարգսեան հանդիպում ունեցած Է սուրիահայութեան ներկայացուցիչներուն հետ:


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 27 հոկտեմբերին հանդիպում ունեցած է սուրիահայութեան ու հայկական շարք մը կառոյցներու ներկայացուցիչներուն, համայնքային խնդիրներով զբաղող բարերարներու եւ պատասխանատուներու հետ:

Հանրապետութեան նախագահը նշած է, որ հանդիպման մասնակիցները հրաւիրած է քննարկելու աջակցութեան նոր գաղափարներ, նոր ծրագիրներ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ բնակող մեր հայրենակիցներէն անմիջականօրէն տեղեկանալու վերջին զարգացումներուն եւ առկայ իրավիճակին, այդ իրավիճակին մէջ գտնուող գաղութի ներկայ կարիքներուն մասին, միտքեր փոխանակելու նաեւ Հայաստան հաստատուած եւ ներգաղթող սուրիահայերուն աջակցելու ծրագիրներուն վերաբերեալ:

«Ցաւօք, արդէն բաւական ժամանակ է, որ Սուրիան եւ, յատկապէս, Հալէպը դուրս չեն մնար միջազգային լրահոսէն` հոն տեղի ունեցող ողբերգական իրադարձութիւններուն պատճառով: Մեզի համար, նկատի ունիմ հայերուս, Սուրիան, Հալէպը սոսկ ծանօթ անուններ չեն, ինչպէս շատ-շատերու համար, այլ երկիր, բնակավայր, ուր կ՛ապրին մեր հայրենակիցները: Եւ ճիշդ այդ պատճառով է, որ մինչ այսօր Հալէպի մէջ կը գործէ մեր գլխաւոր հիւպատոսութիւնը, մինչ բոլոր երկիրներու դիւանագիտական ներկայացուցիչները վաղուց լքած են Հալէպը:

«Հաստատ կրնամ ըսել, որ մեր մօտեցումը եղած է եւ այսօր ալ կը շարունակէ մնալ հետեւեալը` իւրաքանչիւր սուրիահայ իրաւունք ունի Հայաստան գալու, աւելի՛ն, եթէ ան այնուամենայնիւ պիտի լքէ Սուրիան, փափաքելի է, որ գայ Հայաստան: Մենք պատրաստ ենք ընելու մեր կարելին, որպէսզի գոնէ նուազագոյն պայմաններ ստեղծենք, որ ժամանակի ընթացքին այս մարդիկը կարենան համարկուիլ մեր հասարակութեան  եւ արդէն իրենք կարենան լուծել իրենց խնդիրները», ըսած է հանրապետութեան նախագահը:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան եւ հանդիպման միւս մասնակիցները նախագահին հետ կիսած են Սուրիոյ մէջ շարունակուող պատերազմական իրադարձութիւններուն պատճառով ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ իրենց մտահոգութիւնները, սուրիահայ գաղութին միասնական ուժերով սատար կանգնելու նախաձեռնութիւնները եւ շնորհակալութիւն յայտնած Հայաստանի Հանրապետութեան, ինչպէս նաեւ հայկական կառոյցներուն եւ հայրենակիցներուն` տարիներ շարունակ տարբեր միջոցներով եւ հետեւողականօրէն ցուցաբերուող սրտցաւ ու հոգատար վերաբերմունքին եւ աջակցութեան համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.