2016-10-28 10:13:00

Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու առաջնորդներու ժողով։


Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 19ին, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու առաջնորդներու խորհուրդը, յանձինս Հայ առաքելական, Ղըպտի ուղղափառ եւ Ասորի ուղղափառ եկեղեցիներու, իր հերթական ժողովը գումարեց Ս. Ղեւոնդեանց տաճարին մէջ, Պըրպենք, քննարկելու համար յառաջիկայ տարուան ծրագիրներն ու միացեալ աշխատանքներու ոլորտները։

Ժողովը կը գլխաւորուէր առաջնորդ սրբազան հայրեր՝ ատենապետ Սրաբիոն եպիսկոպոսի (Ղըպտի ուղղափառ), Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, Եուճին արք. Քափլանի (Ասորի ուղղափառ) եւ հիւրընկալ Յովնան արք. Տէրտէրեանի կողմէ։ Մասնակից էին նաեւ երեք եկեղեցիներէն հոգեւորականներ։

 Ժողովի քննարկման հիմնական կիզակէտն էր քրիստոնեայ փոքրամասնութեանց վիճակն ու անոր դիմագրաւած խնդիրները Միջին Արեւելքի եւ մասնաւորաբար Սուրիոյ մէջ։

Առաջնորդ սրբազան հայրերը իրենց ամբողջական զօրակցութիւնն ու աջակցութիւնը յայտնեցին Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ բազմաչարչար համայնքներուն, ապա, միացեալ Ս. պատարագի եւ այլ ձեռնարկներու նախնական ծրագիրները մշակեցին։

Աւարտին, ներկաները խմբուեցան սիրոյ սեղանի շուրջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.