2016-10-27 13:06:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ՝՝Աստուած, այսօր եւս կ՝ողբայ բնական աղէտներու եւ պատերազմներուն դիմաց՝՝


(Ռատիօ Վատիկան) Բնական աղէտներու,  արծաթասիրութեան պատճառով գործուած պատերազմներուն, եւ անմեղ սպաննուած մանուկներուն դիմաց , այսօր եւս Աստուած կ՝ողբայ։  Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին,  Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին կեդրոնական նիւթը։

՝՝Աստուած կու լայ մարդկութեան համար, որ  տակաւին չի  հասկցաւ , թէ խաղաղութիւնը զոր Ինք կը պարգեւէ,  սիրոյ խաղաղութիւն է,  ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ ու իր խորհրդածութիւնը շարունակեց ներշնչուելով օրուան Սուրբ Գրային ընթերցումէն ուր կը խօսուի  Հերովդէս թագաւորի մասին  որ կ՝ուզէ Յիսուսը սպաննել։ Յիսուս Փարիսեցիներէն իմանալով որ թագաւորը զինք կ՝ուզէ սպաննել, կ՝ողբայ երուսաղեմ քաղաքին վրայ, որ կը սպանէ իր մարգարէները։

Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց  Ղազարոսի գերեզմանին դիմաց Յիսուսի  բարեկամական ողբը, անառակ որդիին հօր լացը, երբ՝ իր զաւակը  բաժնուեցաւ իրմէ  առնելով իր ժառանգութիւնը, յիշեց ապա գողգոթայի լերան վրայ խաչեալ Յիսուսի ոտքին տակ կիներու ողբը…. Ֆրանչիսկոս Պապ այս բոլորը  նկատեց Հօր Աստուծոյ ողբը կատարուած մարդուն՝ Յիսուսի միջոցաւ։

՝՝Այսօր եւս բռնութեան աղէտներու  դիմաց, դրամասիրութեան պատճառով գործուած պատերազմներուն դիմաց ինչպէս նաեւ անմեղ մանուկներուն սպանութեան դիմաց , Հայր Աստուած կ՝ողբայ ըսելով  ՝՝Երուսաղեմ., Երուսաղեմ, իմ զաւակներս, ի՞նչ կը գործէք՝՝ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու իր քարոզը աւարտելով   յորդորեց խոկալ այն իրողութեան մասին, թէ Հայր Աստուած մարդացաւ, կարենալ ողբալու համար  եւ այսօր եւս Ան կ՝ողբայ  սոյն մարդկութեան համար որ տակաւին չի հասկացաւ, թէ Աստուծոյ խաղաղութեան պարգեւը, սիրոյ պարգեւն է ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.