2016-10-27 10:44:00

Իրաքի մէջ համամիութենական աղօթք Մուսուլի ազատագրման ի սպաս։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 25 հոկտեմբերին, Իրաքի Էրպիլ քաղաքի Անքավա շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ համամիութենական աղօթք,  Մոսուլ քաղաքը  ահաբեկիչներէն ազատագրելու ի սպաս, ի ներկայութեամբ Քաղդէացիներու Լուիս Ռաֆայել Սաքօ Պատրիարքին ։

Այս առթիւ արտասանած խօսքին մէջ Պատրիարքը առաջարկ ներկայացուց  Իրաքի համայն եկեղեցիներուն եւ քրիստոնեաներուն,  2017 տարին նշել որպէս  ''խաղաղութեան տարի'', երկրի ազգային հաշտութեան եւ պահպանումին ի սպաս։

Յիշեալ համամիութենական աղօթք-հանդիպումին իրենց մասնակցութիւնը բերած են Արեւելքի Ասորիներու Կեվարկին Գ Սիլվա պատրիարքը, Ասորիներու Մոսուլի Օրթոտոքսներուն մետրոպոլիտ՝ Նիքոտեմուս Տաւուտ Մաթթի Շարաք, անթիւ կրօնաւորներ, կրօնաւորուհիներ եւ Քրիստոնեայ քաղաքական ներկայացուցիչներ։

Աւետարանի ընթերցումէն ետք Քաղդէացիներուն Պատրիարքը` ելոյթին մէջ յոյս յայտնած է որ Քաղաքին ազատագրման գործընթացը արագ ընթանայ,  նուազագոյն մարդկային կորուստներով։

Ան իր գոհունակութիւնը յայտնած է մարտական գործողունէութիւններուն մէջ յանձնառու բոլոր զինուժերուն, անխտիր կրօնական պատկանելիութենէն, ըլլան անոնք Իրաքի օրինական զինուորներ ըլլան Փեշմերկայի անդամներ։  

Պատրիարք Սաքօ փափաք յայտնած է 2017 տարի հռչակել Իրաքի մէջ խաղաղութեան տարի, թափ տալով  համամիութենական աղօթքի ձեռնակներու եւ եկեղեցական բաժնեկից ծրագիրներու,  զարգացնելու  համար խաղաղութեան եւ բաժնեկցութեան մշակոյթը,  հակամարտութիւններէն  խոցուած երկրին ի շահ։

Ի վերջոյ Քաղդէցաիներու Պատրիարքը շտապ  հարց նկատած է, Մուսուլէն եւ Նինվէէն,  ահաբեկիչներէն փախուստ տուող բնակիչներուն ապահովութիւնը, ու այս ուղղութեամբ կոչ ուղղած է   շօշափելի ձեռնակներով եւ ոչ խօսքերով` դէմ յանդիման գալու  դժուարութեան մատնուող բնակիչներուն, զգուշացնելով որ անոնց ստիպողական  ժամանակաւոր ներգաղթը չի վերածուի մնայուն գաղթականութեան ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.