2016-10-25 12:36:00

Հաւատք եւ Խոնարհութիւն


«Եթէ մանանեխի հատիկի մը չափ հաւատք ունենայիք, դիմացի ծառին պիտի ըսէիք «Արմատախիլ եղի՛ր եւ գնայ տնկուիր ծովուն մէջ»։(Ղուկաս 17, 6)։

Տէր, կը ներկայանամ քեզի առանց քեզ տեսնելու, քեզի դպչելու, դէմքդ ճանչնալու կարելիութեան։ Օգնէ՛ ինծի ճանչնալու քեզ, Տէր։ Սիրտս լեցուր  այն ճշմարիտ իմաստութեամբ զոր միայն դուն կրնաս տալ. Ճանչնալ Աստուած։ Օգնէ ինծի աւելի լաւ տեսնելու թէ ո՛վ ես դուն։

Ղուկասի Աւետարանին այս հատուածը կրնանք բաժնել երկու մասի։ Առաջինը մեզի կը խօսի հաւատքի մասին, իսկ երկրորդը՝ փոքր առակ մըն է խոնարհութեան մասին։ Աշակերտները կը խնդրեն Յիսուսէն աւելցնել իրենց հաւատքը եւ, կարծես իրենց հաստատելու համար ասոր կարեւորութիւնը, Յիսուս կը պատասխանէ հետեւեալ բառերով.- «Եթէ մանանեխի հատիկի մը չափ հաւատք ունենայիք, դիմացի ծառին պիտի ըսէիք «Արմատախիլ եղի՛ր եւ գնայ տնկուիր ծովուն մէջ»,  եւ ան ձեզի պիտի հնազանդէր։ Պատկերը հզօր է. ան լաւապէս ցոյց կու տայ Աստուծոյ հանդէպ այս հաւատքին ուժը։

Սակայն, այս արտակարգ գործերը զորս հաւատք ունեցող մը կրնայ իրագործել՝ չի՞  կրնար պատահիլ որ հպարտութեամբ  ուռեցնեն այն որուն կողմէ կ’իրագործուին անոնք։ Այս պատահականութիւնը կանխելու համար, Յիսուս կ’աւելցնէ առակ մը, իւրաքանչիւրը իր ճիշդ տեղը դնելու համար։ Այն աշխատանքը զոր կրնանք իրագործել Աստուծոյ Արքայութեան համար՝ ամէն բանէ առաջ մեզմէ կախեալ չէ,  այլ Աստուծոյ շնորհքէն։ Պէտք չէ յաւակնութիւնը ունենանք մտածելու որ այն ինչ որ կրնանք ընել՝ Աստուած պիտի չի կարենար իրագործել առանց մեզի։

Յիսուս Աստուածը ծանօթացուց որպէս Հայր։ Այս առակը մեզի կրնայ ծանր թուիլ Հօր մը համար որ կը սիրէ իր զաւակները։ Սակայն իրականութեան մէջ հակառակն է։ Սէրը զոր Աստուած կը տածէ մեզի հանդէպ՝ պայմանական չէ։ Ի՞նչ պիտի պատահէր եթէ Աստուծոյ սէրը կախեալ ըլլար մեր բարի աշխատանքէն,  մեր ձեռք ձգած արդիւնքներէն, այնպէս ինչպէս վաճառորդի մը վարձատրութիւնը կախեալ է իր առեւտուրի ծաւալէն։ Արժանի ըլլանք կամ ոչ, Աստուած մեզ կը սիրէ։ Զաւակները ոչինչ կ’ընեն իրենց ծնողաց սիրոյն արժանանալու համար, մինչ ծնողք կը սիրեն զանոնք։ Իրականութեան մէջ, այս առակին մէջ կրնանք տեսնել նաեւ ողորմածութիւնը եւ Աստուծոյ անսակարկ սէրը մեզի հանդէպ։ Հետեւաբար, այս տողերը կարդանալով  չի զարմանանք, այլ զգացուինք այն ամբողջ սիրոյն համար զոր կը ստանանք Աստուծմէ։

Տէր, կը հաւատամ որ արարիչն ու տէրն ես այս աշխարհին։ Ամէն բանի մէջ կախեալ եմ քեզմէ։ Շնորհակալ եմ քեզի այն բոլոր բարիքներուն համար զորս ստացայ եւ պիտի ստանամ քեզմէ, Տէր։ Շնորհակալութիւն քու անսակարկ սիրոյդ համար։ Թոյլ մի տար որ ապերախտ եւ հպարտ ըլլամ։ Ինծի պարգեւէ խոնարհ եւ երախտապարտ սիրտ մը։ Սիրտ մը՝ որ գիտէ երախտագիտութեամբ ընդունիլ պարգեւները զորս կը ստանայ, եւ շնորհակալ ըլլալ։

Հայր ԳԷՈՐԳ ԵՊԻՍԿ. ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆ

                                                                                                          








All the contents on this site are copyrighted ©.