2016-10-22 09:09:00

Գերապայծառ Այուզօ Քահիրէ պիտի մեկնի Ալ Ազհար համալսարան այցելելու համար


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 21 հոկտեմբերին, Քահանայապետական միջ-կրօնային երկխօսութեան խորհուրդը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը  տեղեկացուց , թէ յիշեալ խորհուրդի քարտուղար՝ Գերապայծառ Միկէլ Անժել Այուզօ Կուիսօ, մօտ օրէն Գահիրէ պիտի մեկնի , Ալ Ազհար համալսարանի մէջ ժողովի մը  մասնակցելու համար։

Քահանայապետական միջ-կրօնային երկխօսութեան խորհուրդի քարտուղարը, ընկերակցութեամբ միեւնոյն խորհուրդի Իսլամ կրօնքի բաժանմունքի պատասխանատու՝ գերապայծառ  Խալետ Աքաշէյի եւ  Տոմինիքեան Արեւելեան գիտեիքներու համալսարանի տնօրէն՝ Հայր Ժան Տրուէլի հետ միասին, կիրակի 23 հոկտեմբերին   հանդիպում պիտի ունենան Ալ Ազհար համալսարանի պատուիրակութեան մը հետ,  նախապատրաստական ժողով մը գումարելու համար,  2017-ին ապրիլ ամսոյն վերջաւորութեան նախատեսուած  Քահանայապետական միջ-կրօնային խորհուրդի եւ Ալ Ազհար Համալսարանի միջեւ կայանալիք հանդիպումին,  որ որպէս նշան պիտի հանդիսանայ   երկխօսութեան պաշտօնական վերականգման։

Քահանայապետական միջ-կրօնային երկխօսութեան խորհուրդի քարտուղարի հանդիպումը ԱԼ Ազհար համալսարանի պատուիրակութեան  հետ , առիթ պիտի հանդիսանայ նաեւ քննարկելու համար Եգիպտոսի մէջ Առաքելական նուիրակի Գերապայծառ Պրունօ Մուսարոյի եւ  Ալ Ազհարի  աւագ Իմամի տեղակալ Շեյխ Ապպաս Շումանի միջեւ խաղաղութեան զարգացման ի սպաս շօշափելի նախաձեռնութիւններու  կարելիութիւնները ։








All the contents on this site are copyrighted ©.