2016-10-21 13:50:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 21 հոկտեմբերի քարոզը ՝ ՝Հեզութիւն, քնքշութիւն, եւ վեհանձնութիւն՝՝


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 21 հոկտեմբերին, Տոմու Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ յայտնեց, թէ չար հոգին  միշտ պատերազմներ կը սերմանէ։ Նախանձութիւնը, զրպարտութիւնը՝ խաղաղութիւնը քանդող  իրողութիւններ են, ուստի՝   կարելի չէ միութիւն ստեղծել։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա հարց տալով, թէ որոնք են քրիստոնեայի  վայելուչ վարուելակերպերը՝  միութիւն ստեղծելու համար, յիշեց  Սուրբ Պօղոսի խօսքը ՝՝ձեր միջեւ վայելուչ կերպով վարուեցէք՝  հեզութեամբ, քնքշութեամբ ու վեհանձնութեամբ։  

Խօսելով հեզութեան մասին սրբազան հայրը յայտնեց, թէ կարելի չէ խաղաղութիւն շնորհել առանց հեզութեան։ Ուր նախանձութիւն կը տիրէ հոն միշտ կայ պատերազմ, հոն միշտ կայ ուրիշը յաղթահարելու փափաքը, եւ ինքզինք  ուրիշներէն աւելի բարձր դասելու տենչը։ Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց   ՝՝Ուր չի կայ հեզութիւն հոն չի կայ խաղաղութիւն եւ առանց խաղաղութեան չի կայ միութիւն ՝։

Անդրադառնալով քնքշութեան եւ վեհանձնութեան մասին, Սրբազան Հայր յորդորեց բաց  եւ լայն  սիրտ մը ունենալու , որ կարող է քնքշութեամբ եւ վեհանձնութեամբ հանդուրժել ուրիշներուն տկարութիւնները, որ չի գիտեր դատապարտել եւ չի գիտեր փոքրիկ  դառնալ փոքրիկ իրողութիւններուն մէջ այսինքն՝ զրպարտութիւններու  եւ շատախօսութեան մէջ։

՝՝Հեզութեամբ, քնքշութեամբ,  վեհանձնութեամբ՝ քրիստոնեայ վայելուչ վարուելակեր ունենալով  խաղաղութեան կապ կը հաստատենք , որ է միութեան ստեղծիչը՝՝  ըսաւ Սրբազան հայրը աւեցնելով,  թէ ՝՝Սուրբ Հոգին է միութեան ստեղծիչը , որ կը նպաստէ եւ կը պատրաստէ միութեան ստեղծումը՝՝։

Քարոզը աւարտելով Ֆրանչիսկոս Պապը ըսաւ. ՝՝Եկեղեցւոյ խորհուրդը Քրիստոսի Մարմնի խորհուրդն է ։ Մէկ հաւատք, մէկ մկրտութիւն, բոլորին մէկ Հայր Աստուած, որ գերադաս է բոլորէն եւ կը գործէ բոլորին միջոցաւ եւ ներկայ է բոլորին միջեւ։

Այս է միութիւնը զոր Քրիստոս խնդրեց Հօրմէն մեզի համար եւ մենք պէտք ենք օգնել այս միութիւնը կառուցելու խաղաղութեան կապով ։

Խաղութեան կապը կ՝աճի հեզութեամբ, քնքշութեամբ, մէկը միւսին հանդուրժողականութեամբ ինչպէս նաեւ վեհանձնութեամբ՝՝ ըսաւ Սրբազան Հայրը








All the contents on this site are copyrighted ©.