2016-10-20 14:51:00

Ֆրանչիսկոս Պապ՝՝Քրիստոնէական վարդապետութիւնը բաւարար չէ Քրիսոտսը ճանչնալու համար՝՝։


(Ռատիօ Վատիկան) Յիսուսը իսկապէս ճանչնալու համար պէտք ունինք աղօթելու, պաշտամունք կատարելու եւ մեր մեղքերը ճանչնալու։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի 20 հոկտեմերի Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասնած քարոզին նիւթը, որուն մէջ  Սրբազան Հայրը նկատել տուաւ թէ Քրսիտոնէական վարդապետութիւնը  բաւարար չէ լաւապէս հասկանալու  համար Քրիստոի խորհուրդը, այլ պէտք է ներթափանցել Քրիստոսի անհուն խորհուրդին մէջ երկրպագութեամբ։

Մեկնաբանելով օրուայ Սուրբ Գրային ընեթրցումը՝ Պօղոս Առաքեալի Եփեսացիներու ուղղուած թուղթէն, ուր Առաքեալը  Սուրբ Հոգիէն կը հայցէ,  որ  Եփեսացիներու շնորհէ զօրաւոր ըլլալու շնորհքը,  որպէսզի անոնց սիրտերուն մէջ կարենայ բնակիլ   Քրիստոսը։

Սրբազան Հայրը լուսարձակի տակ առաւ  Քրիստոսի անձին հետ Սուրբ Պօղոսի կապուածութիւնը, եւ այդ վկայութեան նկատելով հարց տուաւ՝ “ինչպէ՞ս կարելի է ճանչնալ Քրիստոսը”

“Քրիստոս ներկայ է Աւետարանին մէջ, ըսաւ Սրբազան Հայրը։ Կարդալով Աւետարանը կը ճանչնանք Յիսուսը։ Մինչ՝ քրիստոնէական վարդապետութիւնը կ՝ուսուցանէ մեզի թէ ով է Քրիստոսը։ Սակայն՝ այս մէկը բաւարար չէ։ Կարենալ հասկնալու համար Յիսուս Քրիստոսի խորհուրդը, նախ եւ առաջ պէտք է աղօթել,  ինչպէս Սուրբ Պօղոս աղօթեց Աստուծոյ, որ առաքէ Սուրբ Հոգին՝  Քրիստոսը ճանչնալու համար։”

Շարունակելով խօսիլ Քրիստոսի ճանաչողութեան մասին, Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց նաեւ, որ Սուրբ Պօղոս ոչ միայն կ՝աղօթէ այլ կը պաշտէ Քրիսոտսի խորհուրդը, ՝՝պաշտամունքը կը գերազանցէ որեւէ ճանչողութիւն, հաստարեց Սրբազան Հայրը, աւցենելով, թէ կարելի չէ ճանչնալ Քրտիստոս առանց պաշտամունքի  աւանդին՝ առանց լռելեայն պաշտամունքի։

Սրբազան Հայրը  ապա ակնարկեց խղճի քննութեան եւ ինքնաճանաչողութեան, յարելով թէ Քրիստոսը ճանչնալու համար՝ հարկաւոր է որ մենք զմեզ ամբաստանենք  եւ  մեզ մեղաւոր զգանք։

Եզրափակելով իր քարոզը, ֆրանչիսկոս Պապ ըսաւ՝ “Կարենալ ներթափանցելու համար քրիստոսի խորհուրդին մէջ, հարկաւոր է կատարել հետեւեալ երեք բաները։

Առաջինը՝ աղօթք - Հայր ուղարկէ ինծի Սուրբ Հոգին,  որպէսզի  զիս առաջնորդէ Յիսուսի ճանաչողութեան։

Երկրորդ՝  պաշտամունք - ներթափանեցել Քրիստոսի  խորհուրհին  մէջ՝ պաշտամունքով։

Երրորդ՝ անձը մեղադրել - անմաքուր շրթներով մարդ մըն եմ։

Թող Տէրը շնորհէ մեզի այդ շնորհքը, զոր Սուրբ Հոգին հայցեց Եփեսացիներուն համար՝ Քրիսոտսը ճանչնալու եւ  սիրաշահելու շնորհքը, ըսաւ Սրբազան Հայրը քարոզի աւարտին։








All the contents on this site are copyrighted ©.