2016-10-20 09:33:00

Քաղդէացիներու Լուիս Ռաֆայել Սաքօ Պատրիարքին կոչը խաղաղութեան եւ միութեան ի սպաս


(Ռատիօ Վատիկան) Մինչ՝ Իրաքի Մոսուլ քաքաքը ենթարկուած է ռմբակոծումներու ՝ Ամերիկայի եւ Միջազգային դաշինքի մաս կազմող երկիրներուն  կողմէ՝ ազատագրելու համար քաղաքը ՏԱՀԵՇ ըսուած տիրապետութենէն, Քաղդէացիներուն Լուիս Ռաֆայել Սաքօ ,19 հոկտեմբերին կոչ յղած է  Իրաքի ազգային միութեան եւ խաղաղութեան ի սպաս։ Կոչին սկիզբը ան յայտնած է ՝՝Կ՝ուզեմ սրտիս խորէն բխած խօսքերով  դիմել  Իրաքի մեր բոլոր ընտանիքներուն, որ մէկ ընտանիք է, եւ հաստատօրէն կը հաւատամ, որ մենք բոլորս որպէս իրաքցիներ  կը կազմենք  մէկ ընտանիք, չնայած մեր զանազան պատկանելիութիւններուն։ Ձեզ կը յորդորեմ խուափելու  իրար զիրար ամբաստանելէ եւ մեղադրելէ, եւ մէկ խօսքով վերջ դնել բոլոր վէճերուն, ինչպէս նաեւ  անտեսել անհատական եւ կողմնակալական  շահերը։ Այսպէս կատարելով, մաղթանքս այն է , որ  հարթուի դէպի հասարակաց համերաշխութիւն առաջնորդող ճանապարհը, ի շահ՝ սիրոյ, խաղաղութեան եւ բոլոր գրաւուած հողամասերու ազատագրման։ Ի տես երկրի վիճակի կայունութեան վերականգման , Պատրիարք Սաքօ  հրամայական նկատած է   ազգային կացութեան  արագընթաց  լուծում, որ կը տանի դէպի առողջ ժողովրդային  հաստատութիւն,  որ գիտէ   բոլորը յարգել քաղաքավար եւ խաղաղ կերպով, ընդգծել տալով թէ այս մէկը միակ լուծումն է  երկրի  լիակատար ծաղկումին  ։ Ան ապա խիստ կոչ ուղղած է միջազգային հասարակութեան, նախաձեռնելու համար շօշափելի ծրագիրներ,  որպէսզի Իրաքը եւ միջին արեւելքի բոլոր տարածաշրջանը  կարենայ վերագտնել իր  ապահովուութիւնն ու խաղաղութիւնը:

Գերերջանիկ Պատիրիաքը իր կոչը աւարտած է՝ յանձնելով Իրաքի ժողովուրդն ու երկիրը  Աստուածային հովանիին ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.