2016-10-20 09:53:00

Միջազգային Քարիթասի քարտուղարի կոչը՝ ՝՝ կասեցնել Մոսուլի վրայ օդային հարուածները՝՝


(Ռատիօ Վատիկան) Իրաքի Մոսուլ քաղաքին վրայ  պէտք է անմիջապէս կասեցուին ռմբակոծումները՝՝­ ըսած է Միջազգային քարիթասի ընդհանուր Քարտուղար Տիար Միշել Ռոյ,  Մոսուլ քաղաքը ահաբեկիչներուն տիարպետութենէն ազատագրելու ռմբակոծումբերու երրորդ օրը։
Ընդհանուր քարտուղարին համաձայն, Իրաքի մէջ վտանգի ենթարկուած են աւելի քան մէկ միլիոն 250 հազար մարդ։
Ան հրամայական նկատած է  օդային հարուածներու կասեցումը, որպէսզի  Մոսուլի մէջ ականատես չըլլանք Հալէպի վիճակին։
Անոր կոչը ուղղուած է աշխարհի հզօրներուն, Միացեալ Նահանգներուն, Ռուսիոյ , Եւրոպայի,  որպէսզի անոնք ուժգին դատապարտելով հանդերձ ՏԱՀԵՇի ահաբեկչուութինը, հարցերը լուծեն՝  սեղանի շուրջ բանակցութիններ կատարելով։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.