2016-10-20 09:44:00

Մատրիտի մէջ խաղաղութեան համար մատուցուած միջ-կրօնական աղօթք


(Ռատիօ Վատիկան)  30 հոկտեմբեր 2016-ին, Մատրիտի Սուրբ Ֆրանիչկսոս Մայր տաճարին մէջ երեկոյեան ժամը 6.00-ին տեղի կ՛ունենայ  ՝՝Խաղաղութիւնը Աստուծոյ անունն է՝՝ խորագիրով , խաղաղութեան ի սպաս միջ-կրօնական աղօթքի ձեռնարկ, կազմակերպութեամբ Ֆրանչիսկեան ընտանիքին  եւ համագործակցութեամբ Սան Էճիտիո հասարակութեան միջ-կրօնական յարաբերութիւններուն բաժանմունքին։ Աղօթքի ձեռնարկին խօսք պիտի առնեն Մատրիտի թեմի արքեպիսկոպոս՝ գերապայծառ Օսորօ Սիերրա, Մատրիտի կեդրոնական մզկիթի իմամ՝ Ռիայ Թաթարի, հրէաներու հասարակութեան Րաբունապետ՝ Մոչ Պենտեհան,Սպանիոյ եւ Փորթուկալի Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութեան մետրապոլիտ՝ գերապայծառ Փոլիքարփօ եւ Աւետարանկան եկեղեցւոյ հովիւ ՝պատուելի Ալֆրետօ Ապատ։ Խաղաղութեան ի սպաս միջ-կրօնական աղօթքի ձեռնարկը վերջ պիտի գնտէ, անցեալ 20 սեպտեմբեր 2016-ին Ասսիզիի մէջ կայացած, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի ներկայուաթեամբ, խաղաղութեան նուիրուած միասնական յայտարարութեան ստորագրութեամբ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.