2016-10-18 09:46:00

Մեսորպեանին շնորհուեցաւ ՝՝Մայրենիի պաշտպան՝՝մրցանակ


2016-ի Հոկտեմբեր 17-ին Հայաստանի  սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ «Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար» համահայկական ամենամեայ մրցանակբաշխութեան 2015 թուականի արդիւնքներու ամփոփման եւ մրցանակներու յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւնը:

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը արժանացաւ երկրորդ կարգի մրցանակի՝ “Մայրենիի Պաշտպան” անուանակարգին մէջ:

2015 թուականի մրցանակաբաշխութեան համար աշխարհի 23 երկիներէ ներկայացուած էին 112 յայտեր:

Սփիւռքի նախարարութեան մրցանակաբաշխութիւնը տեղի կ՛ունենայ  Համաշխարհային հայկական քոնկրէսի և Ռուսաստանի հայերու միութեան հետ համատեղ՝ 2010 թուականէն:

Նշենք նաեւ թէ  վերոնշեալ մրցանակը շնորհուեցաւ նաեւ Հայ Կաթողիկէ Համալսարանականներու Միութեան` «Հայապահպանութեան Գործին Մէջ Նշանակալի Աւանդի Համար» 

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.