2016-10-13 09:29:00

Երանելի Պօղոս Զ-ի նուիրուած գիտաժողով Մատրիտի մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ 14 հոկտեմբեր 2016-ին Սպանիայի Մատրիտ քաղաքին մէջ, Սպանիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի կ՛ունենայ Երանելի Պօղոս Զ երջանկայիշատակ Քահանայապետին նուիրուած գիտաժողով կազմակերպուած սպանացի եպիսկոպոսներու ու Պօղոս Զ հիմնարկի կողմէ, որուն առթիւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարը` կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին կը մեկնի Մատրիտ ուր առաւօտեան 11.15-ին կը գլխաւորէ Երանելի Պօղոս Զ Քահանայապետի սրբանկարի օրհնութեան արարողութիւնը, Սպանիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի կեդրոնատեղիի մարտան մէջ, ապա 11.30-ին  հանդիպում կ՛ունենայ լրագրողներուն  ու պատկան իշխանութիւններուն հետ, մինչ ժամը 12-ին նախատեսուած է մամլոյ ասուլիս ներկայացնելու համար ''Պօղոս Զ եւ Խաղաղութիւնը'' բնաբանով` երջանկայիշատակ Քահանայապետին նուիրուած գիտաժողովը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.