2016-10-05 10:11:00

Ֆրանչիսկոս Պապին անդրադարձը Վրաստան - Ատրպէյճան առաքելական ճամբորդութեան։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 5 հոկտեմբեր 2016-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը­, չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին անդրադարձաւ Վրաստան - Ատրպէյճան կատարած առաքելական ճամբորդութեան մասին ու այս առթիւ արտասանած խօսքին մէջ ըսաւ.

Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր բարի լոյս.

Անցեալ շաբաթավերջին աւարտեցի Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի կատարած հովուական այցելութիւնս։ Շնորհակալ եմ Աստուծոյ, որ ինծի շնորհեց այդ ճամբորդութեան առիթը եւ կը նորոգեմ իմ գնահատանքի արտայայտութիւնս  երկու երկիրներու քաղաքական եւ կրօնական իշխանութիւններուն, յատկապէս Վրաստանի Պատրիարքին, Իլիա Բ.ի եւ Կովկասի իսլամ Շէյխին։

Եղբայրական շնորհակալութիւն եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, կղերիկոսներուն եւ բոլոր հաւատացեալներուն, որոնք ինծի զգալ տուին իրենց ջերմ խանդաղատանքը։ Այս այցելութիւնը շարունակութիւնը եւ ամբողջացումն էր Հայաստանի ճամբորդութեան, որ կատարեցի Յունիս ամսոյն։

Շնորհակալ եմ Աստուծոյ, որ կարողացայ իրականացնել Կովկասի այս երեք երկիրներու ճամբորդութեան ծրագիրը, ամրապնդելու համար Կաթողիկէ Եկեղեցին, որ կʼապրի այդ երկիրներուն մէջ եւ քաջալերելու համար այդ ժողովուրդներու ճանապարհը դէպի խաղաղութիւն եւ եղբայրութիւն։ Այս նպատակը ցայտուն կերպով կը ներկայացնէին նաեւ վերջին ճամբորդութեան երկու նշանաբանները - Վրաստանի մէջ՝ «Խաղաղութիւն Ձեզի» եւ Ատրպէյճանի մէջ՝ «Բոլորս Եղբայրներ ենք»։ Այս երկու երկիրներն ալ ունին պատմական, մշակութային եւ կրօնական շատ հին արմատներ, սակայն միաժամանակ կʼապրին նոր փուլ մը։ Երկուքն ալ այս տարի կը տօնախմբեն իրենց անկախութեան 25ամեակը՝ քսաներորդ դարու ընթացքին, երկար ժամանակ սովետական վարչակարգի տակ գտնուելէ ետք։

Ներկայ փուլին մէջ անոնք կը գտնուին շատ մը դժուարութիւններու դիմաց՝ ընկերային կեանքի տարբեր ոլորտներէն ներս։ Կաթողիկէ Եկեղեցին կոչուած է ներկայ ըլլալու, մօտիկ ըլլալու, յատկապէս՝ սիրոյ եւ մարդկային յառաջացումի արտայայտութեամբ։ Ան կը փորձէ հաղորդակցութեան մէջ մնալ քրիստոնեայ այլ Եկեղեցիներու եւ Համայնքներու հետ, եւ երկխօսութեան մէջ՝ այլ կրօնական համայնքներու հետ, այն ապահովութեամբ, թէ Աստուած Հայր է, եւ մենք բոլորս՝ եղբայրներ եւ քոյրեր ենք։

Վրաստանի մէջ այս առաքելութիւնը բնականաբար պիտի անցնի Ուղղափառ եղբայրներու հետ կատարուած համագործակցութեան միջոցաւ։ Անոնք կը կազմեն ժողովուրդի ստուար մեծամասնութիւնը։ Ուստի, շատ կարեւոր նշան մըն էր այն պարագան, ուր Թիֆլիս ժամանումիս, Հանրապետութեան նախագահին հետ միասին, օդակայան ժամանած էր նաեւ Պատրիարք Իլիա Բ.ը, զիս դիմաւորելու համար։ Այդ յետմիջօրէին անոր հետ կատարուած հանդիպումը յուզիչ էր, ինչպէս նաեւ սրտառուչ էր յաջորդ օրուան Պատրիարքական Տաճարի մէջ կատարուած հանդիպումը, ուր կը մեծարուի Յիսուսի զգեստի մասունքը, խորհրդանիշ Եկեղեցւոյ միութեան։ Այս միութիւնը ամրապնդուած է քրիստոնեայ զանազան դաւանանքներու բազմաթիւ մարտիրոսներու արեամբ։

Ամենէն աւելի փորձանքներէ անցած համայնքն է Ասորա-Քաղդէականը, որուն հետ Թիֆլիսի մէջ ունեցայ աղօթքի խտացեալ պահ մը՝ Սուրիոյ, Իրաքի եւ բոլոր Միջին Արեւելքի խաղաղութեան համար։ Վրաստանի լատին, հայ եւ ասորա-քադէացի կաթողիկէ հաւատացեալներուն հետ Պատարագ մատուցի՝ ի պատիւ միսիոնարներու պաշտպան Սրբուհի Թերեզա Յիսուս Մանուկին։ Սրբուհին մեզի կը յիշեցնէ թէ իսկական առաքելութիւնը երբեք մարդորսութիւն չէ, այլ անհատ մը հրապուրել Քրիստոսով, ունենալով սերտ միութիւն Անոր հետ՝ աղօթքի, եւ երկրպագութեան ու շօշափելի սիրոյ միջոցաւ, որ ծառայութիւն է՝ մատուցուած Քրիստոսի, որ ներկայ է եղբայրներու փոքրագոյններուն մէջ։ Այդ է որ կը կատարեն կրօնաւորներ եւ կրօնաւորուհիներ, որոնց հանդիպեցայ Թիֆլիսի մէջ, ինչպէս աւելի ուշ Պաքուի մէջ։ Անոնք իրենց ծառայութիւնը կը կատարեն աղօթքով, մարդասիրական արարքներով եւ զարգացման ընթացք տալով։ Զանոնք քաջալերեցի, որ ըլլան հաստատուն հաւատքի մէջ՝ յիշողութեամբ, քաջութեամբ եւ յոյսով։ Ապա նաեւ քրիստոնեայ ընտանիքները – որքա՛ն թանկ է անոնց ներկայութիւնը՝ համայնքի մէջ իրականացուած հիւրընկալութեամբ, ընկերակցութեամբ եւ ներգրաւումով։ Աւետարանի հոգիով իրականացած այս ձեւի ներկայութիւնը, իբր սերմ Աստուծոյ Արքայութեան՝ աւելի կարեւոր է Ատրպէյճանի մէջ, ուր ժողովուրդի մեծամասնութիւնը իսլամ է, եւ կաթողիկէները միայն քանի մը հարիւր հոգի են։ Սակայն շնորհակալ ըլլանք Աստուծոյ, որ անոնք լաւ յարաբերութիւններ ունին բոլորին հետ, եւ եղբայրական կապը կը պահեն յատկապէս Ուղղափառ Քրիստոնեաներու հետ։ Ասոր համար, Պաքուի մէջ, ապրեցանք երկու պահեր, որ հաւատքը ուղիղ յարաբերութեան մէջ կը դնէ՝ Սուրբ Պատարագը եւ միջկրօնական հանդիպումը։

Սուրբ Պատարագը՝ կաթողիկէ փոքր համայնքին հետ, ուր Հոգին կը ներդաշնակէ զանազան լեզուները եւ ուժ կու տայ վկայելու։ Այս հաղորդութիւնը՝ իրականացած Քրիստոսի մէջ՝ արգելք չէ, այլ մանաւանդ կը մղէ որ ձգտինք հանդիպման եւ երկխօսութեան, բոլոր անոնց հետ, որոնք կը հաւատան Աստուծոյ՝ միասնաբար կառուցելու համար աւելի արդար եւ եղբայրական աշխարհ մը։ Այդ հեռանկարով, դիմելով ազերի իշխանութիւններուն, մաղթեցի, որ անպատասխանի մնացած հարցերը գտնեն լաւ լուծումներ եւ կովկասեան բոլոր ժողովուրդները ապրին խաղաղութեամբ եւ փոխադարձ յարգանքով։

Աստուած օրհնէ Հայաստանը, Վրաստանը եւ Ատրպէյճանը, եւ ընկերակցի Իր սուրբ ժողովուրդին, որ ուխտաւոր է այդ երկիրներուն մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.