2016-10-02 16:12:00

Ֆրանչիսկոս Պապի միջ-կրօնական հանդիպումը Պաքուի մէջ


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 2 հոկտեմբերին, տեղական ժամով յետմիջօրէին 5.45-ին­ (Իտալիոյ ժամով 3.45), Պաքուի Հայտար Ալիեւ անուան մզկիթին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապ  միջ-կրօնական հանդիպում ունեցաւ Կովկասի մահմետականներու հոգեւոր Պետին հետ ինչպէս նաեւ այլ կրօնային հասարակութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։

Հայտար Ալիեւ մզկիթ ժամանումին, Սրբազան  Հայրը  դիմաւորուեցաւ մահմետականներու շէյխին կողմէ։ Տեղի ունեցաւ նուրէրներու փոխանակում, որմէ ետք Ֆրանչիսկոս Պապ հակիրճ առանձնական հանդիում ունեցաւ Շէյխին հետ, ապա մզկիթի դահլիճին մէջ  հանդիպեցաւ երկրի կրօնական զանազան հասարակութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։

Միջ-կրօնական հանդիպումին ընթացքին,  Կովկասի մահմետականներու Շէյխի բարի գալուստի խօսքէն ետք, Ֆրանչիսկսո Պապ ուղղեց ճառ մը, որուն մէջ  ողջունեց ներկայ կրօնքներու եւ քրիստոնէական դաւանանքներու ներկայացուցիչները։  Ան իր խօսքին մէջ լայն կերպով անդրադարձաւ կրօնքներու դերին, որ պէտք է ըլլայ խաղաղութեան եւ համերաշխութեան երաշխաւորողը։ Շեշտեց, որ կաթողիկէ եկեղեցին կ’աշխատի պահել համագործակցութեան հոգի մը, որ կ’օգնէ կերտելու խաղաղ ընկերութիւններ։

Աստուած, գթած եւ ողորմած, կ’ուզէ որ իր զաւակները իբր մարդկային մէկ ընտանիք՝ ըլլան մի եւ միշտ մնան երկխօսութեան մէջ։ Ասոր համար մեծ է կրօնքներու պարտականութիւնը՝ ընկերանալ մարդոց՝ կեանքի իմաստի փնտռտուքին մէջ, օգնել անոնց՝ որ հասկնան թէ մարդ էակի սահմանափակ կարողութիւնները եւ այս աշխարհի բարիքները երբեք պէտք չէ ունենան բացարձակութեան պահանջք։ Կրօնքներու կոչումն է՝ մեզի ցոյց տալ, որ մարդու կենդրոնը իր անձէն դուրս է՝ ուղղուած դէպի անսահման Բարձրեալին, եւ մեր ընկերոջ։

Կրօնքները կոչուած են կերտելու հանդիպման եւ խաղաղութեան մշակոյթ մը, որ կը կատարուի համբերութեամբ, կարեկցութեամբ, եւ խոնարհ ու շօշափելի քայլերով։ Այս կը կատարուի՝ օգնելով որ մարդը զատորոշէ բարին եւ զայն իրականացնէ գործով եւ աղօթքով։ Կրօնքները պէտք չէ երբեք շահագործուին. անոնք չեն կրնար կողմ բռնել եւ տեղ տալ հակամարտութիւններու։ Երբեք չէ կարելի Աստուծոյ աղերսել, անհատական կամ անձնասիրական հետաքրքրութիւններու համար, չէ կարելի արդարացնել արմատականութեան, իշխանապաշտութեան եւ կամ գաղթարարութեան որեւէ կերպ։ Սրտաբուխ աղաղակ մըն է, որ կը բարձրանայ հուսկ այս նշանակալից վայրէն՝ “երբեք չկատարել բռնութիւն Աստուծոյ անունով։ Թող Անոր սուրբ անունը երկրպագուի, եւ ոչ թէ սրբապղծուի եւ մարդկային ատելութեամբ եւ հակամարտութիւններով սակարկութեան ենթարկուի”։

Սրբազան Հայրը յիշեց որ Եկեղեցին կը շարունակէ համոզումով հետեւիլ Վատիկանեան Բ. Ժողովի սկզբունքներուն՝ ուր շեշտուած են երկխօսութիւնը եւ համագործակցութիւնը այլ կրօնքներու հետ։

Ֆրանչիսկոս Պապ նկատեց, թէ իսկական խաղաղութիւնը կը կերտուի՝ հիմնուած փոխադարձ յարգանքի վրայ, հանդիպման եւ բաժնեկցելու ճանապարհով, նախապաշարումները եւ անցեալի սխալները գերազանցելու կամքով, հրաժարելով երկերեսութենէ եւ անհատական շահերէ. տոկուն խաղաղութիւն մը՝ խրախուսուած խոչընդոտներ գերազանցելու քաջութեամբ, յաղթահարելու աղքատութիւնը եւ անարդարութիւնը, հրաժարելու զէնքերու վաճառքէն եւ ուրիշներու կռնակէն կատարուած անօրէն շահերէն եւ արգելակել զանոնք։

Եզրափակելով իր խօսքը, Սրբազան Պապը կոչ ուղղեց, ըսելով, թէ ներկայիս կատարուած հակամարտութիւններու խաւարին մէջ՝ կրօնքները պէտք է ըլլան խաղաղութեան լուսաբաց. մահուան աւերի մէջ՝ վերածնունդի սերմեր. անդադրուն կերպով հնչող երկխօսութեան արձագանք. հանդիպման եւ հաշտութեան ճանապարհներ՝ հասնելու համար նաեւ հոն, ուր պաշտօնական միջամտութեան փորձերը արդիւնք չեն տար։








All the contents on this site are copyrighted ©.