2016-10-01 16:20:00

Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպումըՎրաստանի բարեսիրական հաստատութիւններու կամաւորներու եւ հիւանդներու հետ


(Ռատիօ Վատիկան)  Շաբաթ, 1 հոկտեմբեր 2016-ին՝ Վրաստան կատարած Առաքելական Ճամբորդութեան ծիրէն ներս, տեղական ժամով յետմիջօրէին 5-00-ին, իսկ Իտալիոյ ժամով  յետմիջօրէն 3,00-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ հանդիպեցաւ Վրաստանի մէջ գործող Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ գործունէութեան աշխատաւորներու  եւ անոնց խնամակալութեան տակ գտնուող անձերուն հետ։

Քամիլիան միաբանութեան պատկան  խնամակալութեան կեդրոն ժամանումին, Ֆրանչիսկոս Պապ դիմաւորուեցաւ Վրաստանի Քարիթասի տնօրէնուհիին  կողմէ։

Նորին Սրբութեան հանդիպումը տեղի ունեցաւ բարեսիրական կառոյցի դիմաց գտնուող բացօթեայ վայրին մէջ, որուն ներկայ եղան Վրաստանի զանազան բարեսիրական գործունէութիւններուն աշխատաւորները եւ հիւանդներ ՝ շուրջ 700 հոգի։

Վրաստանի Քարթիասի անդամ Հայր Քաքաշիշվիլիի ողջոյնի խօսքէն ետք Սրբազան Հայրը ներկաներու յղեց ճառ մը , որուն մէջ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց բարեսիրական գործիչներուն եւ կամաւորներուն՝ իրցնց կատարած վեհանձն ծառայութեան համար ի սպաս կարիքաւորներուն։

Սրբազան Հայրը ապա նշեց,  թէ  բարեսիրական հաստատութիւններու աշխատաւորներուն գործունէութիւնը,  եղբայրական  համագործակցութեան ուղին է երկրի քրիստոնեաներու եւ զանազան ծէսերու պատկան հաւատացեալներու միջեւ։

Եւ այս մէկը կը նպաստէ միութեան ուղիին եւ վկայութիւնն է հաղորդութեան։

Այս ուղղութեամբ Սրբազան Հայրը քաջալերեց յարատեւելու իրենց  բեղուն գործունէութեան մէջ նկատել տալով որ աղքատ եւ տկար անձերը Քրիստոսի մարմինն է որ կը դիմէ իւրաքանչիրւ դաւանանքի քրիստոնեաներուն, յորդորելով զանոնք առանց անձնական շահերու գործելու, հետեւելով Լոկ Սուրբ Հոգիին մղումին։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ողջունեց հանդիպումին ներկայ գտնուող հիւանդները, տարեցները, եւ զանազան բարեսիրական հաստատութիւններու խնամքի տակ գտնուող անձերը ըսելով՝  “Ուրախութիւն կը զգամ  ձեր հետ կարճ հանդիպելու եւ քաջալերելու։

 Թող Տէրը երբեք մինակ չթողու ձեզ, Ան միշտ ձեր հետն է ,միշտ պատրաստ ձեզի մտիկ ընելու , եւ ուժ տալու դժուար պահերուն։ ։

Սրբազան Հայրը ապա նշեց թէ եղբայրասիրական նախաձեռնութիւնները պտուղն է հասուն եկեղեցւոյ մը որ կը ծառայէ, որ յոյս կը ներշնչէ եւ Աստծուոյ ողորմածութիւնը կը յայտնէ։

Քաջալերեց ներկաները շարունակելու ապրիլ եղբայրասիրութիւնը եկեղեցւոյ մէջ եւ զայն

Յայտնաբերել համայն ընկերութեան մէջ խանդավառութեամբ այն սիրով, որ յառաջ կու գայ Աստուծմէ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.