2016-10-01 17:20:00

Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց Վրաստանի Պատրիարքութեան տաճար։


(Ռատիօ Վատիկան)  Շաբաթ, 1 հոկտեմբերին, տեղական ժամով յետմիջօրէին 4.15-ին, Իտալիոյ ժամով 6.15, Թիֆլիսի  մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ այցելեց Վրաստանի  Պատրիարքութեան Սվեթիէխովելի անուան  տաճար։

 Այս առթիւ արտասանած խօսքին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սոյն այցելութիւնը նկատեց Վրաստանի տուած իր «ուխտագնացութեան գագաթնակէտը», որուն համար շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ։ Ան յիշեց սաղմոսի խօսքը՝ «Որքան բարի եւ վայելուչ է, երբ եղբայրներ միասին կը բնակին» (Սաղմ ՃԼԳ. 1-2), որ կը ցոլացնէր այս հանդիպման մթնոլորտը։ Ապա նշեց, թէ վրացերէն լեզուն հարուստ է՝ արտայայտելու եղբայրութեան եւ բարեկամութեան գաղափարները։ Անդրադառնալով Մայր Տաճարի շքեղութեան, Սրբազան Պապը նկատեց, թէ ան իր մէջ կը պահէ վրացի ժողովուրդի հաւատքի եւ պատմութեան հարստութիւններ, եւ կը հրաւիրէ մեզ անդրադառնալու անցեալի յիշատակներուն։ Ան դրուատեց վրացի ժողովուրդի պատմութիւնը կերտող վկաները եւ սուրբերը, եւ անոնց հիւրընկալութեան հոգին նկատեց իբր անգնահատելի արժէքներ երկրին եւ տարածաշրջանին համար։ Թէեւ վրացի ժողովուրդը ունեցած է դժուարին ճանապարհ, սակայն Աստուած երբեք չէր լքած զայն։ Ապա Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց նաեւ Յիսուսի զգեստը, որ ըստ վրացական աւանդութեան կը պահուի տաճարին մէջ։ Այդ զգեստը ան նկատեց իբր խորհրդանիշ միութեան։ «Այդ զգեստը մեզ կը խթանէ՝ երբէք չհրաժարիլ հանդիպումի եւ երկխօսութեան առիթներէ, եւ պահպանել ու բարելաւել զանոնք», ըսաւ Սրբազան Հայրը։ Ան յիշեցուց Սուրբ Կիպրիանոսի վկայութիւնը, որ կը գրէր՝ թէ Քրիստոսի զգեստը «ամբողջ, անբաժան, միակտուր, կը նշէ մեր ժողովուրդի անբաժանելի միաբանութիւնը, մենք որ Քրիստոս զգեցած ենք», եւ աւելցուց, թէ մենք կոչուած ենք ըլլալու «մի՝ Քրիստոսի մէջ» (Գաղ Գ. 28) եւ առաջնահերթութիւնը երբեք չթողուլ մկրտեալներու միջեւ անհամաձայնութեան եւ բաժանումին, որովհետեւ մեզ միացնող տարրերը աւելի են քան մեզ բաժանողները։ Ապա Սրբազան Քահանայապետը կրկին անդրադարձաւ վրացի ժողովուրդի պատմութեան եւ մշակոյթի քրիստոնէական արմատներուն՝ յորդորելով հաւատարմութեան պահպանում՝ այդ արմատներուն հանդէպ, եւ յարեց, թէ վրացի ժողովուրդի հոգեւոր հարստութիւնները պէտք է ճանչցուին, գնահատուին եւ միշտ աւելի բաժնեկցուին՝ հասարակաց հարստացումին ի նպաստ։ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ իր խօսքը աւարտեց, ըսելով՝ «Սրտանց կʼապահովցնեմ իմ աղօթքս, որ Տէրը, որ ամէն ինչ կը նորոգէ (հմմտ Յայտն ԻԱ. 5), բարեխօսութեամբ Սուրբ եղբայրներուն՝ Պետրոս եւ Անդրէաս Առաքեալներուն, մարտիրոսներուն եւ բոլոր սուրբերուն, աճեցնէ սէրը՝ Քրիստոսի հաւատացողներուն միջեւ, աճեցնէ լուսաւորեալ հետապնդումը ամէն բանի՝ որ մեզ կը մօտեցնէ, կը հաշտեցնէ եւ կը միացնէ։ Թող եղբայրութիւնը եւ համագործակցութինը կարենան աճիլ բոլոր մակարդակներուն վրայ. թող սէրը եւ աղօթքը կարենան մեզ ատակ դարձնել ընկալելու Տիրոջ սրտագին իղձը՝ որ «ըլլան մի» (հմմտ Յովհ ԺԷ. 20-21)։

Յայտնենք թէ սոյն հանդիպումով վերջ կը գտնէ Նորին Սրբութեան Վրաստան կատարած առաքելական այցելութիւնը








All the contents on this site are copyrighted ©.