2016-10-01 10:28:00

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մասնակցութիւնը Ե.Հ.Խ.Ա. եւ Ա.Բ. ենթայանձնախումբի ժողովին


Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի Առաքելութիւն եւ աւետարանչութիւն բաժանմունքի ենթայանձնախումբի անդամները հանդիպում ունեցան Քուպայի մայրաքաղաք Հաւանայի մէջ, 17-21 սեպտեմբեր 2016-ին: Եկեղեցական զանազան ընտանիքներու ներկայացուցիչներէ բաղկացած ու 10 հոգիներէ կազմուած այս ենթայանձնախումբի աշխատանքներուն իր մասնակցութիւնը բերաւ Վանա Կիցինեան` ներկայացնելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը:

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի գլխաւոր բաժանմունքներէն Առաքելութիւն եւ աւետարանչութիւն բաժանմունքը իր ընդհանուր ժողովը պիտի գումարէ Թանզանիոյ մէջ, մարտ 2018-ին. այդ ժողովին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն շուրջ 700 հոգիներ: Ենթայանձնախումբը 5 օրերու վրայ քննարկումներ կատարեց 2018-ի ընդհանուր ժողովի ընթացքին արծարծուելիք նիւթերուն շուրջ եւ ճշդեց անոր օրակարգը:








All the contents on this site are copyrighted ©.