2016-10-01 10:08:00

Հրէաներու տօնին առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապին շնորհաւորագիրը Հռոմի եւ աշխարհի համայն Հրէաներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Հրէաներուն  տօնին առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ, 28 սեպտեմբեր 2016-ին շնորհաւորագիր յղած է Հռոմի հրէաներուն Ռափունապետ՝ Ռիքարտօ Տի Սենյիին, որուն մէջ իր բարեմաղթանքները յայտնած է Ռափունապետին , Հռոմի հրէաներու գաղութին ինչպէս նաեւ աշխարհին համայն հրէաներուն, մաղթելով որ սոյն տօնը  համայն հրէաներուն համար ըլլայ նախաշաւիղ Աստուծոյ օրհնութիւններուն։

Ֆրանչիսկոոս Պապ շնորհաւորագիրը աւարտած է հայցելով Ամենակալ Աստուծմէ որ իր անսահման ողորմութեամբ խաղաղութիւն ու յոյս պարգեւէ մեր օրերուն ինչպէս նաեւ ամրապնդէ սիրալիր բարեկամութեան կապերը։   








All the contents on this site are copyrighted ©.