2016-10-01 14:46:00

Թիֆլիսի մէջ Քամիլիաններու բարեսիրական կեդրոնը եւ Վրաստանի Քարիթասը


(Ռատիօ Վատիկան) 1998-ին, Քամիլիան միաբանութեան անդամները հասած են Վրաստան եւ  Թիֆլիսի արուարձանները  գտնուող Թեմքա շրջանի մէջ կառուցած են Մարդկութեան Փրկիչ՝՝  առողջապահական եւ բարեսիրական համալիր՝ շնորհիւ Իտալական Քարիթասի օժանդակութեան։ 

Յիշեալ առողջապահական եւ ընկերային համալիրը սեփականութիւնն է Քամիլիան միաբանութեան եւ անոր մէջ կը գործեն 70 առողջապահական գործիչներ։

Քամիլիաններոու խնամակալութեան կեդրոնին մէջ անվճար կը բուժուին աղքատները, տարեցները, եւ Վրաստանի մէջ նկատուած է առաղջապահական գետնի վրայ ամենէն կարեւոր կառոյցը, դարձած է  տիպար ազգային խնամակալութեան ծառայութեան։  

Վրաստանի Քարիթասը

Վրաստանի Քարիթասը 1994-ին,  պաշտօնապէս ճանչցուած է որպէս ոչ կառավարական կազմակերպութիւն եւ անոր տնօրէնն է Հայր Քրիսթոֆ Քովալը։

Յիշեալ բարեսիրական կազմակերպութեան գործունէութիւնները անթիւ են սկսեալ աղքատներու սեղանատուներու, փոքրիլ բուժարաններու  մատակարարումը, ինչպէս նաեւ արուարձաններուն մէջ թափառող երիտասարդներուն խնամակալութեան ծառայութիւն։

Վերջերս՝ Վրատտանի Քարիթասը մեկնարկած է նոր խնամակալութեան նախաձեռնութիւն մը ի սպաս Իրաքցի  եւ Սուրիացի  գաղթականներուն ,որուն իր մեծ ներդրում բերած է Ասորի –Քաղդէացի  ծէսի կաթողիկէ հասարակութիւնը,տնօրինութեամբ Գերյարգելի Հայր Պեննի Պեթ Եատեկարի։








All the contents on this site are copyrighted ©.