2016-10-01 09:55:00

5 հայ զոհ եւ 8 վիրաւոր Հալէպի մԷջ


Սեպտեմբեր 30-ին զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները հրթիռակոծած են Հալէպի Նոր Գիւղ եւ Վիլլաներ հայաշատ թաղամասերը:

«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մօտակայքը գտնուող բնակարանի մը վրայ ինկած հրթիռի մը հետեւանքով 5 հայ  զոհուած է, 8` վիրաւորուած: Հալէպի շտապ օգնութեան մարմնի անդամները վիրաւորներուն փոխադրած են հիւանդանոց:

ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը իր ցաւակցութիւնն ու զօրակցութիւնը կը  յայտնէ հալէպահայ համայնքին: Զոհուածներու հարազատներուն մաղթելով տոկունութիւն եւ ոգիի արիութիւն, իսկ վիրաւորներուն` շուտափոյթ ապաքինում:








All the contents on this site are copyrighted ©.