2016-09-30 17:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Արժանթինի ժողովուրդին։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ 30 սեպտեմբեր 2016-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը լսատեսողական պատգամ մը յղեց իրեն հայրենակիցներուն` Արժանթինի ժողովուրդին,  որուն մէջ ակնարկեց երկու կարեւոր իրողութիւններուն` առաջինը Մամա Անթուլայի երանացումի արարողութիւն եւ երկրորդ` Քուրա Պորքերոյի սրբադասումը։

Սրբազան Հայրը յայտնեց թէ իր փափաքն էր Արժանթին երթալ վերոնշեալ առիթներով, սակայն այդ մէկը կարելի պիտի չըլլայ, եւ ոչ իսկ յառաջիկայ տարուայ ընթացքին, որովհետեւ արդեն կազմակերպուած են այլ ձեռնարկներ դէպի Ասիա եւ Ափրիկէ։

Տիրոջ ձեռքերուն կը թողում այս որոշումը` թող ինք ինծի ցոյց տայ թուականը - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու նշեց թէ ''ի տես իրողութիւններու եւ ի տես այն դժուարութեան որ յաջորդ տարին եւս պիտի չկարենամ այցելել Արժանթինը որոշեցի ձեզի հետ կապուիլ այս ձեւով''։

Ինծի համար Արժանթինի ժողովուրդը իմ ժողովուրդս է։ Դուք կարեւոր էք ու ես կը շարունակեմ Արժանթինցի ըլլալ ու Արժանթինեան անձնագիրով կը ճամբորդեմ։ Համոզուած եմ որ դուք որպէս ժողովուրդ ամենամեծ գանձն էք մեր հայրենիքին համար։ Երբ ձեր նամակները կը ստանամ, թէեւ բոլորին չեմ կրնար պատասխանել,  կը մխիթարուիմ ու ինծի ուրախութիւն կը պատճառէ եւ զիս կը մղէ ձեզի համար աղօթելու պատարագի ընթացքին։

Հայրենիքիս հանդէպ սէրն է որ զիս կը մղէ ձեզմէ խնդրելու որ հայրենիքը դնէք ձեր ուսերուն վրայ. Հայրենիքը պէտք ունի ձեզմէ ամէն մէկուն, աճելու, զարգանալու ու հասուննալու համար։ Եւ այս մէկը առիթ է յառաջդիմելու  հանդիպման մշակոյթի ուղիին վրայ որ կը գերազանցէ ''մնացորդացի'' մշակոյթները։

Հանդիպման մշակոյթը ուր ամէն մին ունի իր տեղը եւ կարող է ապրիլ արժանաւորութեամբ։ Հանդիպման մշակոյթ որուն պէտք է ձգտինք ամէնքս` աղօթքով եւ բարի կամքով։

Սրբազան Քահանայապետը ապա ակնարկեց Արժանթինի գեղեցկութեան ու անոր բնական հարստութիւններուն հաստատելով թէ Արժանթինի ամենամեծ հարստութիւնը անոր ժողովուրդն է. այդ ժողովուրդը որ գիտէ ըլլալ զօրակից, ու գիտէ քալել կողք կողքի, որ գիտէ յարգել ու օգնել մէկը միւսին։ ''Եւ ես կը արգեմ այս ժողովուրդը, կը յարգեմ ու կը սիրեմ զայն ու կը կրեմ իմ սրտիս մէջ'' ըսաւ Նորին Սրբութիւնը վստահեցնելով իր աղօթքները որպէսզի Տէրը զանոնք աճեցնէ որպէս ժողովուրդ։

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ հուսկ Ողորմութեան Սուրբ տարուայ ու առաջարկեց այս սուրբ տարուայ ընթացքին ամէն օր, եւ եթէ ամէն օր կարելի չէ առնուազն երկու օր անգամ մը, կատարել ողորմութեան մարմնական ու հոգեւոր ներգործութիւններ ու նշեց այդ ներգործութիւնները.

Այցելել հիւանդ մը.  Հիւանդները այցելելը ողորմածութեան ներգործութիւն է։

Կերակրել անօթին . անօթի մարդիկ կան ։

Ջուր տալ ծարաւին։ Կան մարդիկ որոնք ունին նիւթական եւ երբեմն՝ հոգեկան ծարաւ։

Բնակարան տալ ուխտաւորին, այսինքն տեղ տալ  բնակարան չունեցողին, անոր որ գլխուն վրայ տանիք մը չունի։

Հագցնել մերկացողին, այսինքն՝ թող որ մարդիկ հագուստ ունենան եւ չի զգան ձմրան ցուրտը

Այցելել բանտարկեալներուն. Շատ անգամ եկեղեցին կը շեշտէ այս կէտին վրայ։

Ապա թաղել մեռեալները։

Ասոնք, ըսաւ Սրբազան Պապը ողորմութեան մարմնական եօթը ներգործութիւններն են մինչ միւս եօթը հոգեւոր ներգործութիւններն են։

Դաստիարակել անոր որ չի գիտեր

Բարի խորհուրդ տալ անոր, որ կարիքն ունի

Սրբագրել ան որ կը սխալի

Ներել անոր որ մեզ կը վիրաւորէ։ Ինչքան դժուար է ներելը։ Աշխարհին մէջ այսօր՝ ամէնքս շատ կարիք ունինք ներելու եւ ներում  ընդունելու։

Մխիթարել ան որ տխուր է։

Համբերութեամբ հանդուրժել մերձաւորին դերութիւնները։ Երբեմն՝ կան մարդիկ որոնք մեզի կորսնցնել կու տան մեր համբերութիւնը, եւ  համբերութեամբ հանդուրժել անոնց դերութիւնները` ողորմութեան ներգործութիւն է։

Ապա Աստուած աղօթել կենդանիներու եւ մեռեալներուն համար

Լսատեսողական պատգամին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը յայտնեց թէ անոնք հետ խօսելով ինքզինք կը զգայ իր տան մէջ ու անոնց մօտիկ ապա ողջունեց զանոնք ու խնդրեց որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.