2016-09-30 15:58:00

Ֆրանչիսկոս Պապի Վրաստանի Իլիա Բ Կաթողիկոս Պատրիարքին հետ հանդիպումը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 30 սեպտեմբեր 2016-ին, Վրաստանի նախագահական պալատին մէջ երկրի իշխանութիւններուն հետ հանդիպումէն  ետք Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ ուղղուեցաւ Վրաստանի Օրթոտոqսներու  Պատրիարքարան ուր հանդիպում ունեցաւ Իլիա Բ Կաթողիկոս Պատրիարքին հետ որմէ ետք Սրբազան Քահանայապետը ուղղուեցաւ Պատրիարքարանին  ունկնդրութեան դահլիճի  ուր ներկայ էին պատուիրակութեան անդամներն ու Վրաստանի  ակատեմական աշխարհի 10 ներկայացուցիչներ։ Տեղի ունեցաւ երգեցողութիւն, հիւրասիրութիւն հուսկ Իլիա Բ Կաթողիկոս Պատրիարքը ողջոյնի խօսք ուղղեց Ֆրանչիսկոս Պապին որմէ ետք Նորին Սրբութիւնը արտասանեց առաքելական ճամբորդութեան երկրորդ ճառը։

որուն մէջ իր մեծ ուրախութիւն յայտնեց այս հանդիպման համար, որուն ներկայ էին եկեղեցական բարձրագոյն իշխանութիւնը եւ կղերական դասը, ինչպէս նաեւ վարչապետը եւ կաճառային եւ մշակութային մարզի ներկայացուցիչներ։ Անդրադարձաւ Վրաստանի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Պատրիարքի՝ Վատիկան կատարած այցելութեան, որ կը բանար նոր էջ մը Կաթողիկէ եւ Վրաստանի Ուղղափառ եկեղեցիներու յարաբերութեան մէջ, նշելով, թէ այդ յարաբերութիւնները զարգացած են եւ կը մնան յարգալիր եւ սրտագին, ինչպէս ցոյց կու տան Սրբազան Պապի ներկայացուցիչներու ընկալումը Վրաստանի մէջ. եւ վրացի ուղղափառ հաւատացեալներու հետախուզական գործունէութիւնը Վատիկանի Դիւաններէն եւ Քահանայապետական համալսարաններէ ներս։ Յիշեց նաեւ Հռոմի վրացական գաղութը, որոնց եկեղեցի մը տրամադրուած է Հռոմի Կաթողիկէ թեմի կողմէ։ Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետի Վրաստանի կատարած այցելութեան, որ կը համընկնէր 2000 թուականի յոբելինական տարւոյն սկիզբին հետ, նախախնամական նկատելով իր կատարած այցելութիւնը՝ Ողորմութեան յոբելինական տարւոյն ընթացքին։ Յիշելով Հռոմի եւ Վրաստանի առաքեալները՝ Ս. Անդրէաս եւ Ս. Պետրոս, Ֆրանչիսկոս Պապ նկատեց՝ թէ անոնք եղբայրներ էին, եւ կոչ ուղղեց Վրաց Պատրիարքին, դիմելով անոր «Եղբայր» յորջորջմամբ՝ որ թոյլ տան, որ Յիսուս իրենց դիմէ, զիրենք քաշէ եւ զիրենք միասնաբար Իր յոյսին աւետարանողներ կարգէ, ինչպէս կատարած էր Անդրէաս եւ Պետրոս Առաքեալներուն (հմմտ Մրկ Ա. 16-17)։ «Աստուծոյ սէրն է, որ կանգուն պիտի պահէ մեզ, ըսաւ Սրբազան Պապը, այն սէրը որ փոխակերպեց Առաքեալներու կեանքը։» Սրբազան Պապը դրուատիքով խօսեցաւ Վրաց մշակոյթի հարստութեան մասին, զոր նկատեց սիրոյ վկայութեան արտայայտութիւնը։ Յիշելով Վրաստանի Սրբուհին՝ Նունէ եւ բազմաթիւ սուրբերը, որ վրացիները տուած են՝ Ֆրանչիսկոս Պապ մաղթեց, որ անոնց օրինակը մեզ քաջալերէ՝ միշտ Աւետարանի՛ն տալու առաջին տեղը, եւ աւետարանելու՝ ինչպէս անցեալին, նոյնիսկ աւելի ուժգին կերպով։ Ան նկատեց, թէ դժուարութիւնները արգելքներ չեն, այլ խթան՝ ճանչնալու մենք զմեզ եւ բաժնեկցելու հաւատքի էական աւիշը, զօրացնելու աղօթքը՝ իրարու համար, եւ հասարակաց վկայութեան մէջ համագործակցելու առաքելական սիրով՝ Աստուծոյ փառքին համար եւ ի ծառայութիւն երկրի խաղաղութեան։ Յիշեց նաեւ, թէ վրացիները, որոնք հաճոյքով կը կատարեն տօնախմբութիւններ՝ խաղաղութեան եւ բարեկամութեան կենացներով եւ մաղթանքներով, նկատելով՝ որ այդ կեցուածքը հաւատքէն կու գայ։ Վերջապէս, Ֆրանչիսկոս Պապ յիշելով վրացի սուրբերը, մաղթեց որ անոնց բարեխօսութիւնը սփոփէ շատ մը քրիստոնեաներ, որոնք կը տանջուին հալածանքներու եւ թշնամանքներու տակ, եւ մեր մէջ ամրապնդէ բարի բաղձանքը՝ ըլլալ եղբայրաբար մի՝ քարոզելու խաղաղութեան աւետարանը։








All the contents on this site are copyrighted ©.