2016-09-30 16:39:00

Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպումը Վրաստանի Քաղդէացի հասարակութեան հետ եւ խաղաղութեան ի սպաս աղօթքը։


(Ռատիօ Վատիկան)  Ուրբաթ, 30 սեպտեմբերին, տեղական ժամով երեկոյեան ժամը 6,00-ին (Հռոմի ժամով 4-ին), Թիֆլիսի Սուրբ Սուրբ Սիմոն Սապպաէ անուան եկեղեցւոյ մէջ Ֆրանչիսկսո Պապ հանդիպեցաւ Թիֆլիսի Ասորի Քաղդէացի հասարակութեան հետ։

Եկեղեցի ժամանումին Սրբազան Հայր դիմաւորուեցաւ` Իրաքէն այս առիթով Վրաստան ժամանած` Քաղդէացիներու Ռաֆայէլ Լուիս Սաքօ Պատրիարքին եւ եկեղեցւոյ ժողովրդապետին կողմէ որոնք ապա միասնաբար թափօրով ուղղուեցան դէպի մատուռ, ուր ներկայ էին Ասորի Քաղդէացի աւելի քան 300 հաւատացեալներ։

Թափօրի վերջաւորութեան տեղի ունեցաւ Արամայերէն լեզուով աղօթք ապա Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ խաղաղութեան ի սպաս աղօթք բարձրացուց առ Աստուած՝ հայցելով որ  մարդ էակը  ազատագրէ մեղքի կապանքէն որ պատճառ  է ամէն չարիքի եւ բաժանումի։

Աղօթքին մէջ Սրբազան Հայրը Աստուծմէ հայցեց նաեւ որ շփոթութեան մատնէ մահուան մշակոյթը եւ ճառագայթէ կեանքի յաղթանակը։

Նորին Սրբութիւն յիշեց անմեղ մանուկները, տարեցները, հալածուած քրիստոնեաները , եւ Աստուծմէ խնդրեց որ Զատկուայ ճրագով  ողջագուրէ բռնաբարուած անձերը,  ազատութենէ եւ արժանապատուութենէ զրկուած  անհատները։

 

Նորին Սրբութիւն յիշեց Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ  պատերազմներու թիրախ դարձած ժողովուրդները եւ Աստուծմէ խնդրեց որ սորվեցնէ հաշտութեան , երկխօսութեան ինչպէս նաեւ ներումի ուղիները։

Ան ապա հայցեց Իրաքի ու Սուրիոյ ձրուած զաւակները համախմբէ    ու թիկունք կանգնի  սփիւռքի մէջ գտնուող  քրիստոնեաներուն անոնց շնորհելով հաւատքի եւ սիրոյ միութիւնը։

Աղօթքի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը խաղաղութեան Թագուհի` Սուրբ Կոյս Մարիամէն հայցեց , որ Իր Զաւկէն ընդունի մեղքերու թողութիւն,  ապա թիկունք կանգնի մեր հաւատքին ու յոյսին։   

Աղօթքի արարողութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը ողջունեց Քաղդէացի եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներն ու կղերական դասը ապա Եկեղեցւոյ մուտքին ազատ արձակեց խաղաղութիւնը խորհդանշող աղաւնի մը։

Այս հանդիպումով վերջ գտաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 16-րդ առաքելական ճամբորդութեան առաջին օրուան յայտագիրը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.