2016-09-30 14:00:00

''Խաղաղութիւն Ձեզի''. Ֆրանչիսկոս Պապ ժամանեց Վրաստան


(Ռատիօ Վատիկան) ''Խաղաղութիւն ձեզի'' բնաբանով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ուրբաթ 30 սեպտեմբերի տեղական ժամով 15-ին, Հռոմի ժամով 13-ին, չորս ժամ տեւող ճամբորդութենէ մը ետք ժամանեց Վրաստանի մայրաքաղաք `Թիֆլիսի օդակայան ուր զինք դիմաւորեցին երկրին նախագահը Տիար Ճորճի Մարկվելաշվիլի ու համայն Վրաստանի Կաթողիկոս - Պատրիարք` Նորին Սրբութիւն Իլիա Բ։ Յայտնենք թէ Նորին Սրբութեան պատուիրակութեան մաս պիտի կազմէ նաեւ Հայաստանի, Վրաստանի Ռուսիոյ ու Արեւելեան Եւրոպայի առաջնորդ` արհ Ռաֆայել Արքեպիսկոպոս Մինասեան։

Օդակայանին մէջ` բարի գալուստի  ''փրոթոքոլային'' արարողութենէն ետք Սրբազան Քահանայապետը ուղղուեցաւ Թիֆլիսի Նախագահական Պալատ, քաղաքավարական այցելութիւն շնորհելու Վրաստանի նախագահին։ Նախագահական Պալատին մէջ Սրբազան Քահանայապետը  առանձնական հակիրճ հանդիպում ունենալէ ետք նախագահին հետ  հանդիպում ունեցաւ նաեւ  տեղական իշխանութիւններուն, կառավարական ու քաղաքացիական աշխարհի ինչպէս նաեւ դիւանագիտական մարմնի 400 անդամներուն հետ  ու այս առթիւ արտասանեց առաքելական ճամբորդութեան առաջին ճառը մը որուն մէջ Սրբազան Քահանայապետը­ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց ամենակալին որ իրեն առիթ պարգեւած էր այցելելու այդ օրհնեալ երկիրը` մշակոյթներու ու քաղաքակրթութեան փոխանակումի կենսական վայր` որ քրիստոնէութեան մէջ  գտաւ իր ինքնութիւնն ու արժէքներու կայուն հիմքը, չորրորդ դարուն տեղի ունեցած Սրբուհի Նունէի քարոզութենէն ասդին։ 

Սրբազան Քահանայապետը ապա յիշեց Վրաստանի նախագահին հետ անցեալ տարի Վատիկանի մէջ կայացած հանդիպումը ու շնորհակալութիւն յայտնեց երկիրը այցելելու իրեն ուղղուած հրաւէրին համար, ապա մատնանշեց Վրաստանի դարաւոր պատմութեան ու անոր եւրոպական քաղաքակրթութեան պատկանելիութեան, ինչպէս նաեւ անոր աշխարհագրական դիրքին որ զայն կը դասէ որպէս բնական կամուրջ մը` ընդմէջ Եւրոպայի եւ Ասիոյ։

Քահանայապետը ապա ակնարկեց 25 տարիներ առաջ հռչակուած երկրին անկախութեան ու այս տարիներուն ձեռք բերուած նուաճումներուն որոնցմէ առաջինը կը մնայ ազատութիւնը։

''Կը յուսամ որ խաղաղութեան ու զարգացումի գործընթացը շարունակուի, ընկերութեան բոլոր բաղադրիչներու զօրակցական յանձնառումով, որպէսզի կարելի ըլլայ ստեղծել  կայունութեան, հաւասարութեան ու օրէնքի յարգանքի պայմաններ որոնք սատարեն բոլորին տրամադրուած կարելիութիւններուն ու զարգացումին։

Զարգացումը, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, զոր որպէս հիմնական պայման ունի բոլոր ժողովուրդներու եւ շրջանի պետութիւններու միջեւ խաղաղ համակեցութիւնը, որ կարելի է իրականացնել փոխադարձ յարգանքի զգացումներու միջոցաւ հաշուի առնելով ամէն մէկ երկրի ինքնիշխանութիւնն ու ազատութիւնը` հիմնուած միջազգային օրէնքներու վրայ։  

Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց ապա աշխարհը յուզող լարուածութիւններուն ու հակամարտութիւններուն ու այս առնչութեամբ զգուշացուց այն բռնարար ծայրայեղականներէն որոնք կը խեղաթիւրեն քաղաքացիական ու կրօնական սկզբունքները, զանոնք օգտագործելով իշխանութեան ու մահուան մռայլ ծրագիրներու նպատակներու համար։

Հարկաւոր է որ ամէնքս առաջնահերթ կարգի վրայ դասենք մարդ էակի ճակատագիրը, յարեց հուսկ Սրբազան Քահանայապետը յորդորելով որ ցեղային, լեզուային, քաղաքական ու կրօնական տարբերութիւնները չգործածել որպէս հակամարտութիւններու դրդապատճառ, այլ որպէս աղբիւր` փոխադարձ հարստութեան ու նպաստ` հասարակաց բարիքին։

Սրբազան Քահանայապետը անդրադարձաւ ապա այն անհատներուն որոնք տարբեր պատճառներու համար ստիպուած եղած են թողուլ իրենց երկիրը, յոյս յայտնելով որ հրապարակային պատասխանատուները լուծումներ գտնեն, այդ մարդոց տառապանքին վերջ դնելու համար ու միասնաբար աշխատին կառուցելու համար խաղաղութիւնը։

Ճարին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը վստահեցուց Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ յանձնառումն ու աջակցութիւնը մարդկային զարգացումին ի սպաս, ինչպէս նաեւ անոր սատարը ազգային խաղաղութեան ի խնդիր։

''Կը հայցեմ որ Կաթողիկէ եկեղեցին շարունակէ իր ներդրումը կատարել վրացի ընկերութեան աճումին համար, շնորհիւ մեզ միացնող քրիստոնէական աւանդութեան միասնական վկայութեան - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը նշելով նաեւ  եկեղեցւոյ յանձնառումը ի սպաս կարիքաւորներուն, մաղթելով նաեւ վերանորոգ երկխօսութեան յանձնառում` Վրացական Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ ու Վրաստանի միւս կրօնական համայնքներուն հետ։

Աստուած օրհնէ Վրաստանը ու անոր պարգեւէ խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.