2016-09-29 14:00:00

2017-ի ընկերային հաղորդամիջոցներուն օրուան նիւթը՝՝Մի վախնար,որովհետեւ ես քու հետդ եմ՝՝


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 29 սեպտեմբեր 2016-ին, լոյս տեսաւ 2017-ի համաշխարհային ընկերային հաղորդամիջոցներուն օրուայ նիւթը։

2017-ի Ընկերային հաղորդամիջոցներու օրուան նիւթն է. 

 ՝՝Մի  վախնար , որովհետեւ ես քու հետդ եմ։   (Եսայի 43,5)  Յոյս եւ վստահութիւն հաղորդել  մեր  ժամանակուան մէջ՝՝։ Այս առնչութեամբ, Սուրբ Աթոռի հաղորդակցութեան   քարտուղարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը ,  որուն մէջ նշեց,  թէ 2017 տարուան հաղորդամիջոներուն համաշխարհային օրուան նիւթը հրաւէր մըն է, պատմելու  աշխարհի պատմութիւնը եւ այր մարդոց ու կիներու պատմութիւնները, բարի աւետիսի տրամբանութեան համաձայն, որ կը յիշեցնէ, թէ Աստուած երբեք չի դադրիր Հայր ըլլալէ։

Սորվինք յոյս եւ վստահութիւն հաղորդել պատմութեան համար նշուած է վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ։

Նշենք, թէ ընկերային հաղորդամիջոցներուն հայող այս օրը միակ համաշխարհային օրն է որ հաստատուած է Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովէն, 1963-ին` ''Ինթեր Միրիֆիքա'' հրամանագիրով։ Ընկերային հաղորդամիջոցներու համաշխարհային առաջին օրը նշուեցաւ` 7 մայիս 1967-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.