2016-09-28 11:01:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հրատապ կոչը ի սպաս Հալէպի ժողովուրդին։


(Ռատիօ Վատիկան)  Չորեքշաբթի, 28 սեպտեմբեր 2016-ին, չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ զանազան լեզուներով ողջունելէ ետք Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գտնուող հազարաւոր ուխտաւորները, հրամայական ու հրատապ կոչ ուղղեց ի սպաս  Հալէպի  բնակչութեան ու անոնց պաշտպանութեան։

՝՝Իմ միտքս անգամ մը եւս կ՛երթայ սիրուած ու մարտիրոս Սուրիային։ Կը շարունակուին ողբերգական լուրեր հասնիլ ինծի, Հալէպի բնակչութեան ճակատագիրի մասին, որոնց տառապանքին միացած եմ աղօթքով եւ հոգեւոր մօտիկութեամբ։ Իմ խոր վիշտս ու մտահոգութիւնս  յայտնելով մարտիրոս քաղաքին մէջ պատահած դէպքերուն նկատմամբ, որտեղ կը մեռնին մանուկներ, տարեցներ, հիւանդներ, երիտասարդներ ու բազմաթիւ անձեր…բոլորին կը վերանորոգեմ իմ կոչս` որպէսզի ամբողջ ուժով յանձնառու ըլլան  քաղաքացիներու պաշտպանութեան,  որպէս հրամայական եւ հրատապ պարտականութիւն։  Կոչ կ՝ուղղեմ նաեւ ռմբակոծումի պատասխանատուներու խղճին, որոնք հաշիւ պիտի տան Աստուծոյ դիմաց''  ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.