2016-09-28 10:37:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութիւնը ''Ներում Խաչին վրայ'' (Ղուկ 23, 39-43)


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 28 սեպտեմբեր 2016-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, աւանդութեան համաձայն, հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն, ու շարունակելով Ողորմութեան մասին իր խորհրդածութիւնները խօսեցաւ ներումի մասին, ու յատկապէս Յիսուսի Խաչին վրայ շնորհած ներումի մասին։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս­, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, Յիսուսին  չարչարանքի ժամանակ արտասանած ծռսքերը իրենց գագաթնակէտը կը գտնեն ներումի մէջ. ''Հայր ներէ իրենց որովհետեւ չեն գիտեր թէ ինչ կ՛ընեն''։ Այս խօսքերը լոկ բառեր չեն. որովհետեւ կը դառնան շօշափելի ներում ''բարի աւազակին'' ներումով։

Ղուկաս Աւետարանիչ կը ներկայացնէ երկու աւազակներ որոնք Յիսուսին կը դիմեն տարբեր մօտեցումով, առաջինը` մահուան դիմաց մարդկային անձկութիւնը վկայող յուսահատութենէն մղուած, կ՛անարգէ Յիսուսը ըսելով ''Եթէ դուն Քրիստոսն ես ազատէ ինքզինքդ ու մեզ''։ Յիսուս արդարեւ մեզ կը փրկէ մնալով խաչին վրայ, ուր  սիրոյ համար ինքզինք կը նուիրէ մեզի` որպէս Փրկիչ։ Խաչին վրայ մեռնելով Յիսուս կը հաստատէ թէ Աստուծոյ փրկութիւնը հասանելի է որեւէ մարդու, ինչ վիճակի մէջ ալ որ գտնուի, նոյնիսկ ամէնէ ժխտականն ու թշուառը։

Ասոր համար Յոբելեանը շնորհքի ու ողորմութեան ժամանակ է բոլորին համար, բարիներուն ու չարերուն, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրելով թոյլ տալ որ Յիսուսին ողորմութիւնն ու սէրը դպչին իւրաքանչիւրին­, ապա ակնարկեց բարի աւազակին, որուն խօսքերը ապաշխարութեան սքանչելի օրինակ են, ըսաւ Սրբազան Պապը, մատնանշելով թէ բարի աւազակը նախ կը դիմէ իր ընկերոջ ու կը յանդիմանէ զինք ''Դուն Աստուծմէ չես վախնար, քանի որ նոյն պատուհասին ենթարկուած ես։ Մեզի համար արդար է, որովհետեւ կը կրենք մեր գործերուն արժանի պատիժը­, բայց ասիկա չարիք չէ գործած''

Ապա Յիսուսին դառնալով կ՛ըսէ ''Տէր յիշէ զիս երբ կու գաս քու արքայութեամբդ''։

Բարի աւազակի ապաշխարութիւնը սկիզբ կ՛առնէ Աստուածավախութենէ, ան կը բացուի Աստուծոյ ու անոր անհուն սիրոյն ու ամենակարողութեան վրայ վստահելով, հեզութեամբ կը խնդրէ որ զինք փրկէ։

Բարի աւազակը կ՛ընդունի իր սխալը ու  կը հռչակէ Յիսուսի անմեղութիւնը։  Ան կը դառնայ շնորհքի վկայ։ Անոր հաւատքը Քրիստոսի շնորհքի պտուղն է։ Անոր աչքերը Խաչեցեալին մէջ կը տեսնեն Աստուծոյ սէրը իրեն հանդէպ. որ աղքատ մեղաւոր մըն է։ Յիսուս այս մէկը տեսնելով անոր կը պատասխանէ ''Ճշմարիտ կ՛ըսեմ քեզի այսօր իսկ ինծի հետ պիտի ըլլաս դրախտին մէջ''։

Խաչին վրայ Քրիստոսի փրկութիւնը կը հասնի իր գագաթնակէտին ու անոր խոստումը բարի աւազակին կը յայտնէ անոր առաքելութեան լրումը` փրկել մեղաւորները։

Յիսուս իր կեանքի սկիզբէն յայտնուեցաւ որպէս ողորմած, Հօր Աստուծոյ սիրոյն անկրկնելի ու վերջնական մարմնացումը։

Յիսուս արդարեւ իսկական դիմագիծն է Հօր Ողորմութեան ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու հրաւիրեց ներկաները աւազակին նման դիմելու Յիսուսին պարզապէս կրկնելով Յիսուս....Յիսուս...։  








All the contents on this site are copyrighted ©.