2016-09-28 09:52:00

Սուրիոյ եւ Իրաքի մարդկայնական տագնապին նուիրուած` Վատիկանի մէջ 5րդ հանդիպում


(Ռատիօ Վատիկան) Cor Unum – Մէկ Սիրտ Քահանայապետական խորհուրդը հաղորդագրութիւնը մը հրապարակած է, որուն մէջ տեղեկութիւն կու տայ Սուրիոյ եւ Իրաքի նուիրուած 5րդ հանդիպումի մասին, որ տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 29 սեպտեմբերին։ Հանդիպումին պիտի մասնակցին կաթողիկէ մարդասիրական 40 մամիններ, ինչպէս նաեւ տեղական թեմերու եւ կրօնաւորական միաբանութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնք կը գործեն Միջին Արեւելքի մէջ եւ Առաքելական Նուիրակութիւններու մօտ։

Հանդիպումը սկիզբ պիտի առնէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին տուած ունկնդրութեամբ, որ մասնակիցները պիտի ընդունի Առաքելական Պալատին մէջ։

Հանդիպման աշխատանքները պիտի կատարուին Ուրբանեան Քահանայապետական Համալսարանի Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրահին մէջ։

Զանազան բանախօսներու կարգին, ելոյթ պիտի ունենայ նաեւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին։

Կէսօրէն ետք, Սուրիոյ եւ Իրաքի Առաքելական Նուիրակներու տեղեկատուութենէն ետք, պիտի կատարուի խմբային աշխատանք, որ պիտի կենդրոնանայ զանազան կազմակերպութիւններու՝ Միջին Արեւելքի մէջ կատարած աշխատանքի համադրումին վրայ։

Հանդիպումին նպատակն է, կատարել հաշուեկշիռ մը՝ վերջին չորս տարիներուն կաթողիկէ մարմիններու կատարած աշխատանքներուն, քննարկել երեւան եկած ճգնաժամային իրավիճակները՝ կարենալ ճշդելու առաջնահերթութիւնները ապագայի համար, վերլուծել պատերազմէ տուժած երկիրներու քրիստոնեայ համայնքներու վիճակը՝ խթանելով թեմերու, կրօնաւորական միաբանութիւններու եւ եկեղեցական մարմիններու միջեւ ոյժերու համադրումը։

Սուրիոյ եւ Իրաքի պատերազմները մէջտեղ բերած են մարդկային ծանր տագնապներ։ Սուրբ Աթոռը կ՛աշխատի օգնութիւն կատարել, ոչ միայն դիւանագիտական մակարդակի վրայ, այլ նաեւ մարդասիրական ծրագիրներու կազմակերպութեամբ։ Ան 2015-2016 տարիներուն օգնութեան հասած է 9 միլիոն անհատներու, կատելով 207 միլիոն ամերիկեան տոլարի օժանդակութիւն՝ 2015ին եւ 196 միլիոնի՝ 2016 տարւոյն Յունուարէն - Յուլիս ամիսներուն մէջ։

2011 թուականին սկիզբ առած տագնապը խլած է 300 հազարէ աւելի մահեր եւ 1 միլիոն վիրաւորներ։ Ներկայիս Սուրիոյ մէջ 13,5 միլիոն անհատներ, եւ Իրաքի մէջ 10 միլիոն անհատներ, կարիքն ունին օգնութեան։ Ներքին փախստականներու թիւը կը հասնի 8,7 միլիոնի՝ Սուրիոյ մէջ, եւ 3,4 միլիոնի՝ Իրաքի մէջ։ 4,8 միլիոն սուրիացի փախստականներ ապաստանած են Թուրքիա, Լիբանան եւ Յորդանան։








All the contents on this site are copyrighted ©.