2016-09-28 09:38:00

Մահացած է Իսրայէլի նախկին նախագահ Շիմոն Փերեսը


Իսրայէլի նախկին նախագահ Շիմոն Փերես մահացած է 93 տարեկանին, երկու շաբաթ առաջ ունեցած կաթուածին հետեւանքով։

«Մահը հաստատուած է «Շիպա» բժշկական կեդրոնին կողմէ, ուր ան պառկած էր վերջին 13 օրերուն»,- ըստ Artsakhpress.am-ի՝ յայտնած է «Իններորդ ալիք»ը։

Յիշեցնենք, որ երկու շաբաթ առաջ Շիմոն Փերես ունեցած էր կաթուած մը, որմէ ետք բժիշկները զինք դրած էին դեղորայքային մահաքունի մէջ՝ միացնելով թոքերու արհեստական օդափոխանակութեան սարքը:

Շիմոն Փերես, որ ծնած էր ժամանակակից Պելառուսիոյ տարածքին, երկու անգամ ղեկավարած է Իսրայէլի կառավարութիւնը: 2007-2014 թուականներուն զբաղցուցած է նախագահի պաշտօնը, դառնալով աշխարհի ամենատարեց գործող ղեկավարը: 1994-ին ան ստացած է Խաղաղութեան նոպէլեան մրցանակ՝ պաղեստինցիներու հետ համաձայնագրի ստորագրութեան համար:

Քաղուած Եռագոյնէն








All the contents on this site are copyrighted ©.