2016-09-28 10:41:00

Քոլոմպիայի մէջ խաղաղութեան պատմական համաձայնագիր մը ստորագրուեցաւ


«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Քոլոմպիոյ իշխանութիւնները եւ Քոլոմպիոյ յեղափոխական զինեալ ուժերը երէկ ստորագրած են պատմական համաձայնագիր մը, որ Հարաւային Ամերիկայի այդ երկրին մէջ վերջ կը դնէ 52-ամեայ քաղաքացիական պատերազմին:

Համաձայնագիրին ստորագրումը տեղի ունեցած է Քոլոմպիայի Քարթախենա քաղաքին մէջ` հանդիսաւոր արարողութեան մը ընթացքին, ուր ներկայ գտնուած են բազմաթիւ օտար հիւրեր, ինչպէս` ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն եւ Քուպայի նախագահ Ռաուլ Քասթրօ:

Փաստաթուղթին տակ ստորագրած են Քոլոմպիոյ նախագահ Խուան Մանուէլ Սանթոս եւ նախկին ըմբոստներու ղեկավար Ռոտրիկօ Լոտոնիօ Էչեվերին, որ ծանօթ է Թիմոչենքօ անունով:

Արարողութեան բոլոր ներկաները հագած էին սպիտակ հագուստ` իբրեւ խաղաղութեան խորհրդանիշ: Քարիպեան ծովու ափին գտնուող Քարթախենայի հրապարակը, ուր տեղի ունեցած է արարողութիւնը, նոյնպէս զարդարուած էր սպիտակ դրօշներով:

Ներքին տագնապին ընթացքին արձանագրուած զոհերուն յիշատակին մեկնաբանուած է ոգեկոչման երգ մը: Տագնապը 260 հազար զոհ պատճառած է եւ աւելի քան վեց միլիոն ուրիշներ ենթարկած ներքին տեղահանութեան:

Թիմոչենքօ արարողութեան ընթացքին ըսաւ. «Կ՛ուզեմ ներում հայցել այն ամբողջ ցաւին համար, որ պատճառած ենք այս պատերազմին ընթացքին»: Երկրին նախագահը իր կարգին յայտարարեց, որ պիտի իրագործուի Քոլոմպիան խաղաղ երկրի մը վերածելու երազը:

Սանթոս եւ Թիմոչենքօ փաստաթուղթը ստորագրեցին փամփուշտներէ պատրաստուած գրիչներով, որ կը խորհրդանշէ բռնութենէն անցումը կրթութեան եւ երկրի նոր ապագայի:

Պան Քի Մուն արարողութեան ընթացքին յայտարարեց. «Անոնք, որոնք խաղաղութեան շուրջ բանակցութիւններ կը վարեն աշխարհի բազմաթիւ վայրերու մէջ, այսօր կը նային Քոլոմպիոյ, որպէսզի սորվին այն դասը, որ կրնայ տալ այս երկիրը»:








All the contents on this site are copyrighted ©.