2016-09-27 11:33:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ''Կարեւորն այն է, որ մօտիկ մնանք տառապողին''։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, սեպտեմբեր 27ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պատարագի քարոզին մէջ անդրադարձաւ օրուան Հին Կտակարանի ընթերցուածին, առնուած Յոբի գրքէն (Յոբ Գ. 1-23)։ Սուրբ Գրքի այդ հատուածին մէջ կը նկարագրուի թէ ինչպէս Յոբ իր տառապանքին մէջ իր ծնած օրը կ’անիծէ։

Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ ներկայացուց մարդու հոգեկան ամայացումը, տառապանքը, յորդորելով, որ այդ տառապանքը կը յաղթահարուի աղօթքով։

Ֆրանչիսկոս Պապ ըսաւ՝ “Յոբ կ’ապրի հոգեկան մեծ ամայացում, եւ կը պոռթկայ Աստուծոյ դիմաց։ Որդիական պոռթկում մըն է այդ։ Այսպէս էր նաեւ Երեմիա Մարգարէի պարագան, որ կը պոռթկայ Տիրոջ դիմաց, սակայն երբեք չ’անիծեր ու հայհոյեր։”

Հոգեպէս ամայանալ, կրնայ մեզի բոլորիս պատահիլ. ան կրնայ ըլլալ ուժեղ կամ տկար։ Այդ խաւար հոգեվիճակ մըն է՝ առանց յոյսի, կասկածամտութեամբ, առանց ապրելու կամքի, առանց տեսնելու փապուղիի ելքը, սրտին եւ հոգիին մէջ խճողուած խռովքներով։ Հոգեկան ամայացումը մեզի կու տայ այն տպաւորութիւնը՝ թէ մեր հոգին կործանած է, չ’ուզեր ապրիլ, կը “նախընտրէ մահանալ”։ Այս է Յոբի պոռթկումը։ Ան կը նախընտրէ մահանալ, քան այդ վիճակին մէջ ապրիլ։ Պէտք է գիտնանք, թէ մեզմէ իւրաքանչիւրին կրնայ պատահիլ այդ, երբ մեր հոգին այդպիսի լայնածաւալ տրտմութեան մէջ է, երբ այն զգացումը ունինք թէ շնչել չենք կարող։

Մենք մեզի կրնանք հարց տալ՝ թէ ի՞նչ պէտք է ընենք, երբ կ’ապրինք այսպիսի խաւար պահեր, ըլլա´յ ընտանեկան ողբերգութեան մը, հիւանդութեան մը կամ ընկճող վիճակի մը պարագային։ Ոմանք դեղահատ մը կ’առնեն, որպէսզի քնանան եւ հեռանան իրականութենէն, կամ երկու, երեք, չորս բաժակ ըմպելի։ Այս միջոցները չեն օգներ։ Այսօրուան ընթերցուածը մեզի ցոյց կու տայ, թէ ինչ պէտք է ընենք հոգեկան ամայացումի վիճակին մէջ, երբ կ’ըլլանք գաղջ, ընկճուած եւ առանց յոյսի։ 87րդ սաղմոսը մեզի կու տայ պատասխանը՝ “Թող աղօթքս հասնի քեզի´, Տէ´ր, ականջդ թող մօտենայ խնդրանքիս, որովհետեւ հոգիս չարչարանքով լեցուեցաւ”։

Պէտք է աղօթենք, շեշտեց Սրբազան Պապը, պէտք է ամուր կերպով աղօթենք, ինչպէս ըրաւ Յոբ՝ աղաղակենք գիշեր-ցերեկ, մինչեւ Աստուած մեզի ականջ տայ։

Պէտք է ուժեղ կերպով բախել դուռը, աղօթելով՝ Տէր, լի եմ դժբախտութիւններով, “կեանքս դժոխքին մերձեցաւ։ Համարուեցայ անոնց կարգին, որոնք մահուան փոսը կ’իջնեն, եղայ անօգնական մարդ մը, լքուած՝ մեռեալներու մէջ, գերեզմանի մէջ պառկած սպանուածներու պէս, որոնք դուն չես յիշեր, եւ որոնք մերժուած են քեզմէ” (Սղ ՁԷ. 4-6)։ Ահա ա´յսպէս կրնանք աղօթել, սաղմոսի խօսքերով։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձաւ Յոբի բարեկամներուն լռութեան։ “Խօսքերը կրնան վնասել տառապող անձի մը, ըսաւ ան։ Կարեւորն այն է, որ մօտիկ մնանք տառապողին, զգալ տանք մեր մօտիկութիւնը, առանց խօսքերու։”

Վերջապէս Սրբազան Պապը յորդորեց, որ աղօթենք, որ Տէրը տայ մեզի երեք շնորհքներ՝ ճանչնալ հոգեկան ամայացումը, աղօթել՝ երբ մենք կ’ապրինք հոգեկան ամայացում, եւ գիտնանք ընկերակցիլ տառապող անձերու։








All the contents on this site are copyrighted ©.