2016-09-27 08:27:00

Հալէպի մանուկներուն աղօթքը հայցելու բռնութիւններու դադրեցումը։


(Ռատիօ Վատիկան) Հարիւրաւոր քրիստոնեայ եւ իսլամ  մանուկներ, յառաջիկայ 6 հոկտեմբերին, Հալէպի մէջ պիտի համախմբուին, միասնաբար հայցելու համար իրենց քաղաքի ու համայն Սուրիոյ մէջ պատերազմի ու բռնութեան դադրեցումը, ինչպէս նաեւ անմեղներու ջարդի վերջը։ Սոյն լուրը` Ֆիտէս լրատու գործակալութեան փոխանցած է Արհիապատիւ Պետրոս Արքեպիսկոպոս Միրիաթեան` Հայ Կաթողիկէ Համայնքի առաջնորդը, աւելցնելով թէ սոյն ձեռնակի գաղափարը յղացած են Ֆրանչիսկեան Միաբանութեան հայրերը։

''Մանուկները այդ օրուայ առթիւ պիտի ստորագրեն նաեւ կոչ մը ուղղուած աշխարհի հզօրներուն որուն մէջ անոնցմէ պիտի խնդրեն վերջ դնել կոտորածին որ կը հարուածէ յատկապէս մանուկներն ու պատանիները'' ըսած է միշտ գերապայծառ Միրիաթեան ապա հաստատած է թէ  ''անոնք ապա պիտի աղօթեն'' յոյս յայտնելով ''որ մանուկներու աղօթքը աւելի զօրեղ ըլլայ քան մերինը''։  








All the contents on this site are copyrighted ©.