2016-09-26 12:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապ կը պատրաստուի մեկնիլ Վրաստան եւ Ատրպէյճան։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 30 սեպտեմբեր 2016-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կը մեկնի Վրաստան ապա Ատրպէյճան ամբողջացնելով Կովկասեան շրջան իր առաքելական ճամբորդութիւնը ոը սկիզբ առած էր անցեալ Յունիսին ''առաջին քրիստոնեայ երկիր'' Հայաստան կատարած առաքելական պատմական այցելութեամբ։

Այս առընչութեամբ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Տիար Կրէկ Պուրք երկուշաբթի 26 սեպտեմբեր 2016-ի կէսօրին, Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի Յովհաննէս Պօղոս Բ անուան սրահին մէջ, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ներկայացուց Սրբազան Քահանայապետին միջազգային առաքելական ճամբորդութիւնը, յայտագիրն ու նպատակակէտերը։

Ֆրանչիսկոս Պապին վերոնշեալ առաքելական ճամբորդութիւնը միջազգային առաքելական 16-րդ ճամբորդութիւնն է մինչ այցելած երկիրները համարուած են Քահանայապետին այցելած 24րդ ու 25-րդ երկիրները։

Նշենք թէ Ֆրանչիսկոս Պապէն առաջ Վրաստանը այցելած է այլ Քահանայապետ մը` Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ ` 1999-ին, ապա 2002-ին Ատրպէյճանը։

Երկու այս հովուական այցելութիւնները ունին համամիութենական եւ միջ կրօնական  հանգամանք, տրուած ըլլալով որ Վրաստանի 4,5 միլիոն բնակչութեան հաւատացեալներու մեծամասնութիւնը կը յարի Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ մինչ Ատրպէյճանի գրեթէ 9 միլիոն բնակչութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը մահմետական է։

Վրաստանի բնակչութեան միայն 0,8 առ հարիւրը կաթողիկէ են կազմուած Լատին, Քաղդէացի ու Հայ կաթողիկէ համայնքներէ։

Վրաստանի այցելութեան յայտագիրի ծիրէն ներս Սրբազան Քահանայապետը որպէս Իրաքի Քաղդէացի եկեղեցւոյ մօտիկութեան արտայայտութիւն յատուկէն պիտի  այցելէ Թի­ֆլիսի Քաղդէացիներու եկեղեցին հանդիսանալով առաջին Քահանայապետը որ կ՛այցելէ Քաղդէական եկեղեցի մը եւ այս առթիւ զինք պիտի դիմաւորէ Իրաքէն ժամանած Քաղդէացիներու Լուիս Ռաֆայել Սաքօ Պատրիարքը որուն կ՛ընկերանան Քաղդէացի եկեղեցւոյ 13 եպիսկոպոսներ։

Սրբազան Քահանայապետի վերոնշեալ առաքելական ճամբորդութեան պիտի ընկերանան ինչպէս միշտ միաջազգային լրատուամիջոցները ներկայացնող 75 լրագրողներ, մինչ Քահանայապետական պատուիրակութեան մաս պիտի կազմեն բացի Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փարոլինէն, Արեւելեան Եկեղեցիներու Սուրբ Ժողովի Կառավարիչ` կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի եւ Քրիստոնեաներու միութեան Քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` կարդինալ Քիւրտ Քոխը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ կաթողիկէներու առաջնորդ` Արհիապատիւ Հայր Ռաֆայէլ Արքեպիսկոպոս Մինասեան։ 

Վրաստանի մէջ Սրբազան Քահանայապետը հանդիպումներ պիտի ունենայ երկրի նախագահին ու պատկան իշխանութիւններուն հետ, ինչպէս Նաեւ Վրաստանի Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Պատրիարք Իլիա Բ-ի հետ, մինչ երեկոյեան, ինչպէս նշեցինք. ան կը հանդիպի Քաղդէացի հասարակութեան հետ։

Ճամբորդութեան երկրորդ օրուայ յայտագիրը կը նախատեսէ` Սուրբ Պատարագ Թիֆլիսի մարզադաշտին մէջ, որուն կը յաջորդէ կղերական դասին հետ հանդիպում ուր չորս կղերականներ, որոնց շարքին նաեւ հայ կաթողիկէ քահանայ մը` Սրբազան Քահանայապետին պիտի ներկայացնեն իրենց առաքելական փորձառութենէն վկայութիւններ։ Նորին Սրբութիւնը նոյն օրը կ՛այցելէ Քամիլիան միաբանութեան բարեսիրական հաստատութիւն մը ու երեկոյեան պաշտօնական այցելութիւն կու տայ Վրաստանի Պատրիարքական Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը 2 հոկտեմբերին­, հրաժեշտ առնելով Վրաստանէն կը մեկնի ճամբորդութեան երկրորդ հանգրուան` Ատրպէյճան ուր հազիւ ժամանած  կ՛ուղղուի Սալեզեան Միաբանութեան կեդրոն ուր կը մատուցէ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը ապա պաշտօնական այցելութիւն կու տայ Նախագահական պալատ ու կ՛այցելէ երկրին Իմամը ապա կը մասնակցի Միջ կրօնական հանդիպումի մը որով Նորին Սրբութիւնը կ՛աւարտէ Իտալիոյ սահմաններէն դուրս միջազգային 16-րդ առաքելական  ճամբորդութիւնը եւ վերադարձ կը կատարէ Հռոմ` ապա Վատիկան։








All the contents on this site are copyrighted ©.