2016-09-23 13:00:00

Հրապարակուեցաւ ''Հաղորդակցութեան Քարտուղարութեան'' կանոնագիրքը։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի` 2 սեպտեմբեր 2016-ին, լոյս տեսաւ 2015-ի յունիս 27-ին Ֆրանչիսկոս Պապին  կողմէ  հաստատուած ''Հաղորդակցութեան Քարտուղարութեան'' կանոնագիրքը` առ ի փորձ երեք տարուայ տեւողութեամբ։

Նախաբանին մէջ նշուած է թէ վերոնշեալ քարտուղարութիւնը հաստատուած է համապատասխանելու համար այսօրուայ ''հաղորդակցութեան'' կարիքներուն որոնք յառաջացած են ''թուային'' աշխարհի զարգացումի հետեւանքով։

Վերոնշեալ Քարտուղարութեան մէջ  կը ներառուին Սուրբ Աթոռի հաղորդակցութեամբ զբաղող բոլոր կառոյցները որոնց շարքին. Ընկերային հաղորդակցութեան քահանայապետական խորհուրդը, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը, Վատիկանի համացանցային ծառայութիւնը, Ռատիօ Վատիկանը, Վատիկանի հեռուստակայանը, Օսսերվաթորէ Ռոմանօ թերթը, Վատիկանի տպագրատունը, նկարահանումի ծառայութիւնը եւ Վատիկանի հրատարակչական գրատունը։

Հաղորդակցութեան Քարտուղարութեան պատասխանատուութեան ներքոյ է նաեւ Սուրբ Աթոռի պաշտօնական կայքէջը եւ ընկերային ցանցերը:

''Հաղորդակցութեան Քարտուղարութեան''  կանոնագիրքը ի զօրու կը դառնայ յառաջիկայ մէկ հոկտեմբեր 2016էն սկսեալ։

Տուեալ ի վատիկան­, առաքելական պալատէն, 6 սեպտեմբեր 2016-ին, քահանայապետութեան չորրոդ տարի։ 

Նշենք թէ ''Հաղորդակցութեան Քարտուղարութեան'' կանոնագիրքի հրապարակումի առթիւ, Սրբազան Քահանայապետը, 22 սեպտեմբերի երեկոյեան 17-ին, յատուկ ունկնդրութիւն շնորհեց Վերոնշեալ Քարտուղարութեան վարչակազմին անոնց անձնապէս յանձնելով նոր կանոնագիրքի նմանօրինակը։








All the contents on this site are copyrighted ©.