2016-09-19 08:12:00

ՄԱԿ-ի մէջ հաւաք. ''Կրօնապետերու դերը գազանական ոճիրներու կանխարգելման մէջ''։


(Ռատիօ Վատիկան) Սեպտեմբեր 20ին, ՄԱԿի կենդրոնին մէջ, Սուրբ Աթոռի ՄԱԿի մօտ մնայուն առաքելութիւնը պիտի հիւրընկալէ հանդիպում մը, նախարարական մակարդակի վրայ, մասնակցութեամբ ՄԱԿի Ցեղասպանութեան կանխարգելումի Գրասենեակի եւ Պաշտպանելու Պատասխանատուութեան Միջազգային Կենդրոնի։

Մասնակի հանդիպումի տիտղոսն է «Կառչիլ Պաշտպանելու Պատասխանատուութեան։ Կրօնապետերու Դերը Գազանական Ոճիրներու Կանխարգելման մէջ»։

Բանախօսութիւններ պիտի կատարեն Վատիկանի Պետական Քարտուղար Փիեթրօ Փարոլին, ինչպէս նաեւ իսլամ, հրեայ եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու կրօնապետեր, եւ ՄԱԿի պաշտօնեաներ՝ Պաշտպանելու Պատասխանատուութեան բաժանմունքէն։

Պաշտպանելու Պատասխանատուութիւնը, միջազգային կարգաւորում մըն է, որ նպատակ ունի երաշխաւորելու, թէ միջազգային հասարակութիւնը երբեք չկատարէ գազանային ոճիրներ՝ ցեղասպանութիւն, պատերազմական ոճիրներ, ցեղային մաքրագործում եւ ոճիրներ մարդկութեան դէմ։ Այս, 2005 թուականին միաձայնութեամբ որդեգրուած է ՄԱԿի Գագաթնաժողովի ժամանակ, որ պատմութեան մէջ պետութիւններու եւ կառավարութիւններու պետերու մեծագոյն հաւաքը եղած է։

Պետութիւններ կրնան կատարել իրենց նախնական պատասխանատուութիւնը պաշտպանելու ժողովուրդներ, կառուցելով համապարփակ ընկերութիւններ եւ յառաջ մղել երկխօսութիւնը եւ փոխ հասկացողութիւնը քաղաքակրթութիւններու, մշակոյթներու եւ ժողովուրդներու միջեւ։

ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարը յիշած է, թէ «կրօնապետերը կրնան յատուկ ներդրում մը կատարել գազանային ոճիրներու կանխարգելման եւ անոնց պատասխանելու մէջ, նկատի առնելով անոնց ազդեցութիւնը ժողովուրդի մեծ մասերու վրայ եւ կարողութիւնը՝ արագ կերպով շարժի ենթարկել մարդկային եւ նիւթական միջոցներ»։

Բանավէճը պիտի ընթանայ զանազան հարցերու հիման վրայ, որոնք լուսաբանութիւն կը խնդրեն՝ թէ ի՞նչպէս կրօնապետեր եւ կրօնական գործիչներ կʼաշխատին կառավարութիւններու եւ այլ հիմնարկներու հետ միասին՝ կարենալ օգնելու անոնց՝ որպէսզի կատարեն իրենց պատասխանատուութիւնը՝ պաշտպանելու եւ յառաջ մղելու  անհատներու եւ խումբերու համապարփակումը, երկխօսութիւնը եւ բազմազանութեան հանդէպ յարգանքը։ Այս եւ նման հարցեր պիտի տրուին այս առիթով՝  միշտ կենդրոնանալով կրօնապետերու եւ կրօնական գործիչներու դերին վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.