2016-09-16 09:12:00

Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի ուսուցչական եւ տեսչական կազմերու միացեալ ընդհանուր ժողով


14 Սեպտեմբեր 2016-ին կայացաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի ուսուցչական եւ տեսչական կազմերու միացեալ ընդհանուր ժողովը, որ ազդանշանը տուաւ 2016-2017 տարեշրջանին վերամուտին:

Ժողովը սկսաւ առաւօտեան ժամը 9-ին, Հակ կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ աղօթքի արարողութեամբ, որուն ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Պերճ Սապէ կոչ ուղղեց ուսուցիչներուն կենդանի օրինակներ դառնալ աշակերտներուն համար եւ մարմնաւորել այն արժէքները, զորս դպրոցը կ՛ուզէ հաղորդել անոնց: Հայր Պերճ շեշտեց մանկավարժական առողջ մօտեցումներու կիրառման անհրաժեշտութիւնը, ապահովելու համար մանուկներու մտաւոր եւ հոգեւոր առողջ զարգացումը՝ ընկերային բարդ եւ հակասական ներկայ պայմաններուն մէջ:

Այնուհետեւ հանդիպումը շարունակուեցաւ “Ֆարաճեան” հանդիսասրահին մէջ, ներկայութեամբ վարժարանի տեսչական եւ ուսուցչական կազմերու անդամներուն:

Իր խօսքին մէջ վարժարանի տնօրէն Կրէկուար Գալուստ հաղորդեց, որ հայ կաթողիկէ վարժարաններու շարքին այսուհետեւ Մեսրոպեանը եւս պիտի ունենայ իր հոգեւոր վարիչը, յանձինս Տէր Ռաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեանի: Ան նաեւ տեղեկացուց, որ տիկին Մարիա Պէօճէքեանի հանգստեան կոչուելու բերումով, տիկին Քարոլին Թերզեան ստանձնած է մանկապարտէզի պատասխանատուի պաշտօնը:

Ապա տնօրէնը ներկայացուց ամփոփում մը անցած տարեշրջանի իրագործումներուն, որոնց շարքին՝ վարժարանի գոհացուցիչ  արդիւնքները՝ պետական քննութիւններուն: Պարոն Գալուստ ըսաւ, որ Մեսրոպեանը նոր տարեշրջանին եւս պիտի շարունակէ իր գործակցութիւնը Սէն Ժոզէֆ համալսարանին հետ, ինչպէս նաեւ պիտի շարունակէ աշակերտները պատրաստել ֆրանսերէնի DELF քննութիւններուն՝ բարձր դասարաններուն համար: Սպասուող կրթական ծրագիրներէն ան յատկապէս նշեց Հայկազեան համալսարանին մէջ կայնալիք քննադատական մտածողութեան վարժողական դասընթացքները, որուն Մեսրոպեանը պիտի մասնակցի հայկական բոլոր վարժարաններու շարքին:

Պարոն Կրէկուար Գալուստ շեշտեց Մեսրոպեանի կրթական ընտանիքին մէջ փոխադարձ վստահութան, սիրոյ եւ հանդուրժողութեան, կարգ ու կանոնի, լրջամտութեան հետեւողականութեան, ինչպէս նաեւ նախաձեռնութեան ոգիի կարեւորութիւնը: Ան յատուկ կարեւորութեամբ շեշտեց ծնողներուն հետ յարաբերութիւնները առողջ եւ կառուցողական պահպանելու հրամայականը: Վերջապէս, պարոն Գալուստ անհրաժեշտ համարեց աշխուժացնել Ուսուցչական եւ դպրոցական միւս խորհուրդներուն գործունէութիւնը:

 

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

 








All the contents on this site are copyrighted ©.