2016-09-13 10:49:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Նամակը Պուենոս Այրեսի եպիսկոպոսներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ նամակ մը յղած է Պուենոս Այրեսի շրջանի եպիսկոպոսներուն, իբր պատասխան անոնց հրապարակած «Հիմնական չափորոշիչներ Amoris Laetitia յորդորագրի 8րդ գլխուն գործադրման համար»։

Եպիսկոպոսներու կատարած աշխատանքը կը հայի բաժանեալ եւ վերապսակեալ հաւատացեալներու խորհուրդներու մերձեցման հարցին։

Սրբազան Պապը գնահատած է եպիսկոպոսներու աշխատանքը, շեշտելով, թէ հովուական գթասրտութիւնը պէտք է գերիշխէ հոգեւորականներու գործունէութեան մէջ։ Ան կը նկատէ, թէ յիշեալ գրութիւնը «իսկական օրինակ մըն է քահանաներու ընկերակցութեան», ընդգծելով «եպիսկոպոսներու եւ քահանաներու մօտիկութիւն ցուցաբերելու  հարկաւորութիւնը», ուր կ՛արտայայտուի իսկական ընկերսիրութիւնը։

Հովուականը անմիջական յարաբերութիւնն է անհատներու հետ եւ կարելի չէ զայն նուազեցնել «ծրագրային, կազմակերպչական եւ իրաւական միջնորդութիւններու», կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապ եւ կը յիշէ հովուական գործելակերպի չորս եղանակներ, որոնք են «ընդունիլ, ընկերանալ, զատորոշել եւ ներգրաւել»։ Ասոնցմէ ամենէն նուազ կիրարկուածը զատորոշելն է։ Հետեւաբար հարկաւոր է, իւրաքանչիւր պարագայ առանձին քննարկել» եւ  որպէսզի վերամուսնացեալները կրկին Սուրբ Խորհուրդներուն մօտենան, հարկաւոր է ընթանալ որոշ ճանապարհի մը վրայ։

Այս գործընթացը պէտք է ըլլայ «անհատական եւ հովուական»։

Հովիւներու մատուցած ընկերակցութիւնը սիրոյ ճանապարհի գործադրութիւնն է, Յիսուսի ճամբուն հետեւելու հրաւէր մը։

Ըստ եպիսկոպոսներուն, քահանայէն կը պահանջուի հովուական գթասրտութիւն, որ «կʼընդունի ապաշխարողը, ուշադրութեամբ կʼունկնդրէ անոր եւ անոր ցոյց կու տայ Եկեղեցւոյ մայրական դիմագիծը, մինչ կʼընդունի անոր ուղիղ մտադրանքը եւ անոր բարի առաջադրանքը՝ ամբողջ կեանքը դնելու Աւետարանի լոյսին տակ եւ գործնականօրէն ապրելու սէրը»։ 

Եպիսկոպոսներու գրութիւնը կ՛անդրադառնայ թանձրացեալ պարագաներու, ուր վերամուսմացեալներուն թոյլ տրուի մօտենալ Սուրբ Խորհուրդներուն։ Հիմնականին՝ հովուական աշխատանքը միշտ պէտք է կատարուի մեծ ուշադրութեամբ եւ փափկանկատութեամբ, խուսափելու համար անարդարութենէ եւ գայթակղութենէ - կը յորդորեն եպիսկոպոսները։








All the contents on this site are copyrighted ©.